Search
Close this search box.

Ազերպայճան պատերազմ կը մղէ խաչքարերու դէմ

 

Աւերուած է Մարտակերտ գտնուող խաչքարը

Արցախի պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան հաղորդած տեղեկութեան համաձայն, Ազերպայճան պատերազմ կը մղէ հայկական խաչքարերու դէմ, այս անգամ ալ աւերելով Մարտակերտ գտնուող խաչքարը։

«Արցախի մէջ իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւններէն, ցեղային զտումներէն, տարածքը բնիկ հայերէն մաքրելէն յետոյ, Ազերպայճան պատերազմ յայտարարած է հայկական արժէքներուն։

Ազերպայճանցիները այս անգամ աւերած են Մարտակերտ քաղաքի «Դանիէլ Վարուժան» փողոցը գտնուող Յարութ Բաբայեանի եւ Գարիկ Մնացականեանի յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշաղբիւրը»,– նշուած է Արցախի՝ Միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։