Յունուար 10-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մասնակցած է Ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան (MIT) հիմնադրման 97-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին։
Խօսելով դիւանագիտական եւ ռազմական ճակատներու վրայ թուրք ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան մասին՝ ան յիշատակած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ թրքական բանակին կողմէ իրականացուող ռազմական գործողութիւնները:
Այս համածիրին մէջ Էրտողան անդրադարձած է նաեւ Արցախեան հարցին: Ան՝ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի գրաւումը որակած է «ազատագրում հայկական բռնագրաւումէ» եւ այդ համարած է թուրք ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան համար մղուած գործողութիւններէն մէկը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։