Search
Close this search box.

Սպայակոյտի պետը հրահանգած է պայքարիլ բանակ ներթափանցող արատաւոր երեւոյթներու դէմ

Յունուար 10-ին, Պաշտպանութեան նախարարութեան առաջին տեղակալ, բանակի սպայակոտի պետ զօրավար Էդուարդ Ասրեան հանդիպում ունեցած է Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիի պաշտպանութիւնը ստանձնած զօրամասերու սպայական կազմերուն հետ։

Ընդհանուր առմամբ բարձր գնահատելով 2023 տարեշրջանի ընթացքին իրականացուած աշխատանքները եւ քննութիւններուն ցուցաբերած արդիւնքները՝ Ասրեան անդրադարձած է զօրամասերու մարտական պատրաստականութեան ու հերթապահութեան կազմակերպման, ընդգծած առկայ խնդիրները եւ տուած համապատասխան յանձնարարականներ՝ յառաջիկայ աշխատանքները իրագործելու համար։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը հաղորդեն, թէ ամփոփելով հանդիպումը՝ Սպայակոյտի պետը հրահանգած է մարտական ծառայութեան ընթացքին խստօրէն հետեւիլ կանոնադրական յարաբերութիւններուն, անվտանգութեան կանոններուն, պայքարիլ բանակ ներթափանցող արատաւոր երեւոյթներու դէմ։