Search
Close this search box.

Եւրոպական Միութիւնը կը զգուշացնէ Ազերպայճանը, թէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ…

 

Պրիւսէլի մէջ, «Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հարցումին ի պատասխան՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի բանբեր Փեթեր Սթանօ՝ անդրադառնալով Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Հայաստանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ ու սպառնալիքներ պարունակող վերջին յայտարարութիւններուն, նշած է, թէ ԵՄ-ը յստակ ուղերձներ կը յղէ Ազերպայճանին, թէ այդ երկրին կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ ԵՄ-Ազերպայճան յարաբերութիւններուն վրայ։

“Մենք սերտ կապի մէջ եղած ենք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարութեան հետ՝ անվհատ կրկնելով մեր աջակցութիւնը երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ հարցերը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու գործին։ Միշտ բաց ենք կողմերու առաջարկներուն։

Մենք հաստատ կը մնանք մեր կեցուածքին վրայ։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ, ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ եւ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար կը շարունակեն իրենց ջանքերը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատման նպատակին հասնելու համար”,– ըսած է Սթանօ։