Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ անհիմն որակած է Պաքուի մէջ եւրոպական Միութեան (ԵՄ) ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Փեթեր Միխալքոյի արտայայտութիւնները իր երկրին դատական համակարգին վերաբերեալ:
«Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ դեսպանը կեդրոնանար ԵՄ-ի որոշ երկիրներու դատական համակարգերուն մէջ արդարադատութեան բացակայութեան եւ դաժան վերաբերումին վրայ”,– X-ի իր էջին գրած է Հաճիզատէ։
Ան նաեւ անթոյլատրելի համարած է «որեւէ միջամտութիւն՝ միջազգային լաւագոյն փորձառութեան վրայ հիմնուած Ազերպայճանի դատական համակարգին»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։