Հայաստանի նախկին Արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով կը հաղորդէ, թէ Արցախի հիմնական քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեամբ, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակին կոչուած յանձնախումբ մը ստեղծուած է։
Ան յայտարարած է, թէ ինք ընդունած է յանձնախումբի անդամներու առաջարկը՝ համակարգելու աշխատանքները։
«Յառաջիկային, երբ ամբողջանայ յանձնախումբին կազմը, կը հրապարակուին միւս անդամներուն անունները, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ՝ ընելիքներու մասին։
Սա պահուս կրնամ ըսել, որ յանձնախումբի գլխաւոր խնդիրը պիտի ըլլայ միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ իր հայրենիքին մէջ ապահով, անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւնը։
Ես համոզուած եմ, որ այս հարցին հետապնդումը եւ իրականացումը կը նպաստէ իրական խաղաղութեան հաստատման՝ մեր ժողովուրդներուն միջեւ։
Տարածաշրջանի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատումը անկարելի է, մինչ հայ ժողովուրդի մէկ հատուածը բռնի տեղահանուած է իր բնօրրանէն, իսկ Հայաստանին կը պարտադրուի ստորադաս “խաղաղութիւն”՝ նոր կորուստներու սպառնալիքով։ Այդպիսի “կայունութիւն”-ը չի կրնար յարատեւ ըլլալ։ Միայն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը ներառող լուծում մը կրնայ յանգեցնել տեւական ու կայուն խաղաղութեան»,– կը գրէ Օսկանեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։