Յունուար 22-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով կը հաղորդէ․
«Յարգելի բարեկամներ, ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ Հայաստանի վարչական դատարանը վերականգնած է Հայաստան վերադառնալու իմ իրաւունքը։ Այս որոշումը կը վկայէ, որ Արդարադատութիւնը Հայաստանի մէջ կրնայ անկախ ըլլալ, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ»։
Նշենք, թէ նոյն օրը Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Քրիստինէ Վարդանեան տեղեկացուցած էր, թէ վարչական դատարանը դրական արձագանգած է Մուրատ Փափազեանի եւ Նետերլանտներու Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Մասիս Աբրահամեանի դատական բողոքին ընդդէմ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ)՝ պարտադրելով անոր (ԱԱԾ-ին) վերոնշեալ անձերու անունները հանել Հայաստանի տարածքին անբաղձալի համարուող օտարահպատակներու ցանկէն։
Վարդանեան աւելցուցած էր, որ նկատի ունենալով հարցին նկատմամբ հանրութեան հետաքրքրութիւնը եւ անոր համակարգային բնոյթը, այլ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու համար Յունուար 25-ին, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը՝ սոյն գործով ներգրաւուած փաստաբաններ՝ Սիրանոյշ Սահակեանի, Ռուբէն Մելիքեանի եւ երեսփոխան Արծուիկ Մինասեանի մասնակցութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։