Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Յունուար 20-ին եւ 21-ին Վիեննայի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական երկիրներու, ԱՄՆ-ու եւ Գանատայի մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններուն, ինչպէս նաև միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը, կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը, խաղաղութեան հոլովոյթին, մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգի ընդլայնման վերաբերող հարցեր։
Կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։