Յունուար 28-ին, Բանակի կազմաւորման 32-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական հանդիսութեան ընթացքին ունեցած իր ելոյթին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Անվտանգային համակարգերու մասին արմատացած պատկերացումները աղէտալի խաղ խաղացին մեր գլխուն եւ Հայաստանի համար չկայ այլ տարբերակ, քան անվտանգային յարաբերութիւններու բազմազանացումը:
“Նոր եւ ժամանակակից սպառազինութեան եւ ռազմամթերքի ձեռքբերման ճանապարհով ենք գնում, եւ վերջին տարիներին Հայաստանի կառավարութիւնը մի քանի միլիառ դոլարի զէնք–զինամթերք ձեռք բերելու պայմանագրեր է կնքել։ Հայաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրը աննախադէպ՝ մի քանի հարիւր միլիոն դոլարի պատուէր ունի կառավարութիւնից եւ ի հարկէ, շարունակելու ենք ներդրումներ անել ռազմարդիւնաբերական համակարգում՝ զուգահեռ աւելացնելով նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան գանձատրումը”,– վստահեցուցած է ան:
Անվտանգութեան ապահովման տեսակէտէն, ըստ Փաշինեանի` առանցքային երկու գործօն կայ` արտաքին յարաբերութիւնները եւ միջազգային իրաւունքի առումով վարուող քաղաքականութիւններու օրինականութիւնը:
“Հայաստանը ինքն իրեն պէտք է նոյնականացնի այն տարածքի հետ, որի վրայ ճանաչուել է միջազգային հանրութեան կողմից։ Այն է՝ Հայկական խորհրդային հանրապետութեան տարածքը, որը նոյնական է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի հետ։ Մենք պէտք է յստակ եւ աներկբայ արձանագրենք, որ որեւէ այլ տարածքի նկատմամբ որեւէ յաւակնութիւն չունենք եւ չենք ունենալու, եւ սա պէտք է դառնայ Հայաստանի արտաքին անվտանգութեան ապահովման ռազմավարութեան հիմքը”,– յստակացուցած է վարչապետը:
Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ Ազերպայճանէն հնչող յարձակողական յայտարարութիւններուն՝ Հայաստանի բանակի բարեփոխումներու, սպառազինութեան եւ զինամթերքի ձեռքբերման առնչութեամբ:
“Ուժեղ եւ մարտունակ բանակ ունենալը իւրաքանչիւր երկրի ինքնիշխան իրաւունքն է, եւ ոեւէ մէկը չի կարող կասկածի տակ դնել մեր այդ իրաւունքը։ Եթէ ոեւէ մէկը կասկածի տակ է դնում մեր այդ իրաւունքը՝ կասկածի տակ է դնում մեր գոյութեան իրաւունքը։ Այս պարագայում մեզ այլ բան չի մնայ, քան բոլոր հնարաւոր եւ անհնար միջոցներով պաշտպանել մեր պետականութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր տարածքային ամբողջականութիւնը”,– ընդգծած է ան:
Վարչապետը վստահեցուցած է, որ հայկական կողմը անվտանգութեան երաշխիքներու քանի մը գործիքակազմեր առաջարկած է Ազերպայճանին: Օրինակ` զօրքերու փոխադարձ կարգով քաշուիլը Հայկական խորհ. հանրապետութեան եւ Ազերպայճանական խորհ. հանրապետութեան վարչական սահմանէն:
Ըստ անոր` այդ սահմանը 1991-ին Ալմաթիի հռչակագրով վերածուած է պետական սահմանի եւ Հայաստան ու Ազերպայճան 2022 Հոկտեմբեր 6–ին Փրակայի մէջ համաձայնած են, որ այդ հէնքին վրայ կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Փաշինեանի համաձայն` զօրքերու փոխադարձ կարգով քաշուիլը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ, որ Ազերպայճանական խորհ. հանրապետութեան բոլոր տարածքները ըլլան Ազերպայճանի, իսկ Հայկական խորհ. հանրապետութեան բոլոր տարածքները՝ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ:
Բացի ատկէ, ըստ վարչապետին` Հայաստան Ազերպայճանին առաջարկած է սահմանի ապառազմականացում: Այս շրջածիրին մէջ ան յիշեցուցած է Ազերպայճանին ներկայացուցած իր առաջարկը` սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկողութեան գործիքակազմի մասին։
“Նաեւ առաջարկել եմ յարձակումի բացառման մասին պայմանագրի ստորագրում, եթէ կը պարզուի, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը սպասուածից աւելի երկար ժամանակ է պահանջելու”,– յայտարարած է ան:
Փաշինեան անգամ մը եւս յիշեցուցած է, թէ Հայաստան հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ պիտի չշեղի անկէ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։