Անցեալ տարի յայտարարուած «Թումօն՝ Արցախի պատանիներու համար» ծրագրի ներկայացումէն կարճ ժամանակ յետոյ կազմուած է յատուկ աշխատանքային խումբ մը, ուր ներառուած են նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած մասնագէտներ։ Համագործակցելով պետական եւ միջազգային շարք մը կառոյցներու հետ՝ վերոնշեալ խումբը կազմած է ու պարբերաբար կ՚ամբողջացնէ արցախցի պատանիներու տուեալներու շտեմարան մը եւ մնայուն կապի մէջ է անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ՝ կարիքներու նախնական գնահատման համար:
Բացի ատկէ, նախաձեռնութեան իրականացման համար լրացուցիչ նիւթականը ապահովուած է ACBA դրամատան, Թումոյի երկարամեայ աջակից Ճուտիթ Սարեանի, Parsons Paris-ի եւ այլ նուիրատուներու կողմէ տրամադրուած նպաստին շնորհիւ:
Բոլոր միջոցները կ՚ուղղուին Արցախէն բռնի տեղահանուած պատանիներու կրթական, առողջապահական, ընկերային, բնակարանային եւ այլ կարիքներու շարունակական ապահովման: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։