Search
Close this search box.

Ներքին սպառնալիքներ

Սահմա­նադ­րութեան փո­փոխու­թիւն, Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագիրի ջնջում, «ժո­ղովո՞ւրդ», թէ՞ «ազգ» եզ­րի գոր­ծա­ծու­թիւն, կրթա­կան ծրա­գրին մէջ՝ «Հա­յոց պատ­մութիւն» առար­կա­յի անուանա­փոխում, «Եկե­ղեց­ւոյ պատ­մութիւն» առար­կա­յի ջնջում…։ Ներ­հա­յաս­տա­նեան քա­ղաքա­կան դաշտը կ՚եռա­յ… բա­նավէ­ճեր խորհրդա­րանի ամ­պիոնէն, լրա­սփիւռնե­րու մէջ, եկե­ղեց­ւոյ բե­մերէն…։ Ընդդի­մու­թեան, եկե­ղեցա­կան­նե­րու մե­ղադ­րանքն այն է որ սահ­մա­նադ­րա­կան, կրթա­կան ոլոր­տի փո­փոխու­թիւննե­րը՝ բո­լորը թե­լադ­րո­ղը Թուրքն է, Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը, կամ Նի­կոլը են­թա­կայ են Թուրքե­րու հրա­հանգնե­րուն, ու­րեմն պէտք է հե­ռացուի կամ «ջնջուի», «ոչնչա­ցուի»։

Բա­նավէ­ճ ըսուածը ինքնին դրա­կան է, քա­ղաքա­կան հա­սու­նութեան նշան։ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան նոր Սահ­մա­նադ­րութեան ծրա­գիրը այս իմաս­տով, բա­նավէ­ճի լայն դաշտ բա­ցաւ։ Սա­կայն, ընդդի­մադիր քա­ղաքա­կան ու­ժե­րը բա­նավէ­ճը կը գոր­ծա­ծեն ներկայացնելու՝ սպա­նու­թիւնը, ահա­բեկու­մը իբ­րեւ միակ այ­լընտրանք, ներ­կայ իշ­խա­նու­թենէն ազա­տելու հա­մար։ Իսկ ժո­ղովուրդին քուէ՞ն, ժո­ղովուրդին տրա­մադ­րու­թի՞ւնը։ 

Լա­ւագոյն օրի­նակը Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ Շի­րակի թե­մի Սո­ցիալ-կրթա­կան կեդ­րո­նին մէջ «Ակունք» քա­ղաքա­կան վեր­լուծու­թիւննե­րու կեդ­րո­նի ղե­կավար, ԱԺ Ժա­ռան­գութիւն խմբակ­ցութեան նախ­կին երես­փո­խան Ռու­բէն Յա­կոբ­եա­նի կազ­մա­կեր­պած հա­սարա­կական-քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու հետ քննար­կումն է, որուն գլխա­ւոր նիւթն էր՝ «Ի՞նչ ել­քեր ներ­կայ իրա­վիճա­կէն դուրս գա­լու հա­մար», որուն մաս­նակցած է նաեւ Շի­րակի թե­մի առաջ­նորդ Մի­քայէլ արք. Աջա­պահեան։

Ռ. Յա­կոբեան հա­կառակ ան­ցեալին Րաֆ­ֆի Յով­հաննէ­սեանի «Ժա­ռան­գութիւն» ընդդի­մադիր կու­սակցու­թեան պատ­կա­նելուն, որ պայ­քա­րած է Ռո­բերտ Քո­չարեանի ու Սերժ Սարգսեանի կա­շառա­կեր վարչակարգին դէմ, ան­հա­ւատա­լի կեր­պով իշ­խա­նու­թեան դէմ ահա­բեկ­չութիւն գոր­ծե­լու ջա­տագո­վ մըն է. «Նախ պի­տի մտա­ծենք, թէ որ­տեղ ենք սխա­լուել… Մեր գլխա­ւոր սխա­լը եղաւ այն, որ այդպէս էլ հէնց սկզբից չփոր­ձե­ցինք հաս­կա­նալ, վեր­լուծել, թէ ի վեր­ջոյ ո՞նց եղաւ, ինչպէ՞ս պա­տահեց՝ պի­տի թոյլ տաք այս բառն օգ­տա­գոր­ծել՝ այս ազ­գա­կոր­ծան պա­տու­հա­սը յայտնուեց իշ­խա­նու­թեան։ Մենք խօ­սում ենք հետեւանքնե­րի մա­սին, չենք ասում այն պատ­ճառնե­րը, որոնք ծնե­ցին իրեն։ Չենք ասում՝ ին­չո՞ւ էր ժո­ղովրդի մէջ ցա­սում առա­ջացել, որ գնա­ցին Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի յետեւից, որով­հետեւ ոչ թէ յա­նուն Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի գնա­ցին, այլ ընդդէմ օրուայ իշ­խա­նու­թեան գնա­ցին։ Եւ մենք թոյլ տուեցինք»։ Այս խոս­տո­վանու­թե­նէն ետք, իբ­րեւ եզ­րա­կացու­թիւն աւել­ցուցած է՝ «Փա­շին­եա­նի ազ­գա­կոր­ծան իշ­խա­նու­թիւնից հնա­րաւոր է ազա­տուել քա­ղաքա­կան մա­հապարտնե­րի մի­ջոցով»։

Իսկ Աջա­պահեան սրբա­զան, որ յայտնի է նոյնպէս հա­կաիշ­խա­նա­կան իր ծայ­րա­յեղ դիր­քո­րոշումնե­րով, պատ­մա­կան երե­ւոյթնե­րու հան­դէպ կարգ մը այ­լանդակ յայ­տա­րա­րու­թիւննե­րու կող­քին, վեր­ջա­պէս յանդգնած է ընդունիլ քա­նի մը ճշմար­տու­թիւն­. առա­ջինը՝ «Եկէք մեզ չգե­րագ­նա­հատենք, մեր ար­ժէ­քը ճիշտ տանք…», եւ երկրոր­դը՝ «Նի­կոլ­ներ միշտ կը լի­նեն, Նի­կոլը հետեւանք էր նախ­կին բո­լոր իշ­խա­նու­թիւննե­րի ան­միտ, ան­փոյթ, տգէտ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րի, այս երկրի նկատ­մամբ թքած, ան­փոյթ վե­րաբեր­մունքի։ Ասում էին՝ մէկ է՝ Ռու­սը չի թող­նի պա­տերազմ լի­նի, սա էր, դի­ւանա­գիտու­թիւն էլ չկար»։ Եւ ան­շուշտ եզ­րա­կացու­թիւնն է գլուխգոր­ծո­ցը, նո­րէն նոյն ահա­բեկ­չութեան կո­չը, այս մէկն ալ բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կանի մը կող­մէ. «Ես իշ­խա­նու­թիւն փո­խելու ըն­դա­մէնը երեք ճա­նապարհ գի­տեմ, դուք եթէ չորրորդը գի­տէք, ասէք։ Ընտ­րու­թիւն, կամ իբր թէ ընտրու­թիւն, երկրոր­դը՝ յե­ղաշրջում, եր­րորդը՝ ժո­ղովրդա­կան ապստամ­բութիւն։ Կա՞յ ու­րիշ, չկա՛յ. երեքն էլ անհնա­րին են “սուբյեկ­տի­ւօրէն”. “օբ­յեկտի­ւ­օ­­­րէն”՝ հնա­րա­ւ­որ է»։

Զար­մա­նալի է որ ընդդի­մադիր­նե­րու խօ­սոյ­թին մէջ բնաւ ակ­նարկ չկայ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սական կա­րողու­­թիւնը բա­րելա­ւելու անհրա­ժեշ­­տութեան, ռուս-ուքրաինա­կան պա­տերազ­­մի պատ­­ճա­­ռով ռուս-թուրք-ազե­րի դա­շին­­քի Հա­յաս­­տա­­նի սպառ­­նա­­ցող վտան­­գին, աշ­­խարհա­քաղա­քական զա­նազան վտանգնե­րուն, Հա­յաս­­տա­­նի սպա­ռազի­նու­­թեան ող­­բա­­լի վի­ճակը բա­րելա­ւելու անհրա­ժեշ­­տութեան, մի­ջազ­­գային հար­թակի վրայ Հայաս­տանի դէմ գոր­ծող ու­ժերու հզօրու­թեան, Հա­յաս­տանի բարեկամ­ներու կող­մէ անոր վրայ գոր­ծուող ճնշումներուն մասին… 

Ժ.Չ. ■