Հանրային հեռատեսիլի լրագրող Պետրոս Ղազարեանին տուած հարցազրոյցին՝ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարած է, թէ Հայաստան ընդլայնած է սպառազինութեան ձեռքբերման իր գործընկերներու ցանցը՝ համագործակցելով գերպետութիւններու եւ այլ բարեկամ երկիրներու հետ։ Սակայն ան մերժած է մանրամասնութիւններ յայտնել ձեռքբերումներու կամ պայմանագրերու ընթացքին մասին։
Նոր գործընկերութիւններու շարքին Պապիկեան նշած է Հնդկաստանը եւ Ֆրանսան, որոնք այս ոլորտին մէջ դարձած են Հայաստանի հիմնական գործընկերները։ Ան ակնարկած է նաեւ այլ երկիրներու, բայց նախընտրած է առայժմ չնշել անոնց անունները։
Աւելցնենք, որ քանի մը օր առաջ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Հայաստան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ այլեւս չի կրնար ապաւինիլ Ռուսաստանին որպէս գլխաւոր գործընկեր, քանի որ այդ երկիրը բազմիցս դրժեց իր յանձնառութիւնները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։