Search
Close this search box.

Պաքու կը զօրակցի անկախապաշտ Գորսիքացիներուն

Գորսիքայի անկախապաշտ «Նացիոնէ» կուսակցութեան անդամ Ժան−Ֆիլիփ Անթոլինի կը պատասխանէ ազերպայճանական պետական
լրատու գործակալութեան հարցումներուն

Ազերպայճանական նորելուկ երեւոյթ մը

Վերջին շրջա­նին օր չ՚անցնիր, որ ազեր­պայճա­նական լրասփիւռները մե­ծահո­գի հո­վանա­ւորու­թեամբ չանդրա­դառ­նան Գոր­սի­քայի ան­կա­խա­պաշտ շար­ժումնե­րուն։

Այս յան­կարծա­կան եւ նո­րելուկ երեւոյթը բնա­կանա­բար ան­մի­ջական կապ ու­նի Ֆրան­սա­յի հետ Ազեր­պայճա­նի յա­րաբե­րու­թիւննե­րու լա­րու­մին հետ։

Երկրին լրա­սփիւռ­ները օր մը կը գրեն, թէ զօ­րավիգ են ան­կա­խա­պաշտ Գո­րսիքա­ցի­նե­րուն, յա­ջորդ օր կը յայ­տա­րարեն, թէ Ազեր­պայճա­նի խոր­հրդա­րա­նին մէջ Գոր­սի­քայի ժո­ղովուր­դին ու անոր ան­կա­խապաշտ նկրտումնե­րուն զօ­րակ­ցութեան խումբ մը կազ­մուած է, ու­րիշ օր մը ան­կա­խապաշտ Գոր­սի­քա­ցիի մը յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն տեղ կու տան… յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծելով, թէ անոնց վերելքը խորապէս կը մտահոգէ ֆրանսական իշխանութիւնները, եւ այլն, եւ այլն… Այնպէս, որ իրադ­րութե­նէն ապա­տեղեակ դրսեցի ընթերցողը (քանի կրնաք ենթադրել, թէ այս ու նման լուրերը յատկապէս արեւմտեան լեզուներով կը տրուին) բո­լորո­վին զար­մանքի պիտի մատ­նուի, չհասկնալով թէ նման լու­րեր ի՞նչ գործ ու­նին այդ լրասփիւռներուն մէջ։

Յա­մենայն դէպս, այսքա­նը մեր կող­մէ որ­պէս նա­խաբան՝ երե­ւոյ­թի մը, որ հե­տագայ օրե­րուն կը խոստանայ ա՛լ աւե­լի շեշ­տուիլ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի այն Գոր­սի­քացի­ներուն, որոնք կ՚ապա­ւինին (եթէ իսկապէս կան) Պա­քուի «սրտա­բուխ ու ան­սա­կարկ» զօ­րակ­ցութեան՝ վա՜յ անոնց գլխուն, կամ ինչպէս մեր մեծերը կ՚ըսէին՝ «վախ եմ ըսեր»։ ■