Փետրուար 8-ին, Լա Հէյի Միջազգային քրէական ատեանի (ՄՔԱ) յարկին տակ տեղի ունեցած է Հայաստանի` Հռոմի կանոնադրութեան անդամակցութեան նուիրուած պաշտօնական արարողութիւնը:
Նախ Ատեանին մէջ բարձրացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը, այնուհետեւ ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկած են ՄՔԱ-ի նախագահ Փիոթր Հոֆմայսքի եւ ՄՔԱ-ի անդամ երկիրներու համաժողովի նախագահ Փայվի Քաուքորանթա։ Ի վերջոյ ելոյթ ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Արարողութեան մասնակցած են նաեւ ՄՔԱ-ի ընդհանուր դատախազը, շուրջ 60 դիւանագէտներ։
Նախարար Միրզոյեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է. “ՄՔԱ-ի դերը նշանակալից է՝ յանցագործութիւններու կանխարգիլման եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման համար ազնիւ եւ անաչառ արդարադատութեան հոլովոյթի ապահովման գործին մէջ։ Ցաւօք, մեր տարածաշրջանին մէջ մենք դէմ-յանդիման գտնուեցանք ոչ միայն հիմնախնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու կամքի բացարձակ բացակայութեան, այլ նաեւ տեսանք պատերազմ, ատելութիւն եւ ահաբեկչութիւն տարածելու ակնյայտ մտադրութիւն։ Հայաստանի դէմ շարունակուող յարձակումներն ու մեր ինքնիշխան տարածքներուն բռնագրաւումը, Հայերու դէմ իրագործուած սարսափելի ոճիրները, Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային զտումը, աւելի քան 100.000 Հայերու բռնագաղթը ունեցած են աղէտալի մարդասիրական հետեւանքներ եւ կը շարունակեն անմիջական վտանգ ներկայացնել մեր տարածաշրջանին համար։ Այս համածիրին մէջ մենք համոզուած ենք, որ Հռոմի կանոնադրութիւնը, ի շարս այլ գործիքակազմերու, իրական ներուժ ունի կանխելու հետագայ հրահրումներն ու ոճրագործութիւնները՝ դառնալով մեր տարածաշրջանի կայունութեան եւ մնայուն խաղաղութեան ուղենիշ”։
Նոյն օրը Միրզոյեան այցելած է Լա Հէյի Խաղաղութեան պալատ, որու պարտէզին մէջ 2022-ին տեղադրուած է Հայաստանի կողմէ նուիրուած խաչքարը, որ կը խորհրդանշէ մեր երկրին ներդրումը միջազգային խաղաղութեան: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։