«Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեան Դիմագիրքի իր էջով կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը կը դադրեցնէ ամբողջութեամբ արեւմտեան դրամագլուխով միակ դրամատունը՝ «HSBC-բանկ Հայաստան»-ը։
Այս առթիւ Առաքելեան կը գրէ, թէ տնտեսութեան մասին անդադար աննախադէպ յաջողութիւններու մասին խօսող կառավարութիւնը ի վիճակի չեղաւ պահելու աշխարհի լաւագոյն դրամատուներէն մէկը եւ թէ սա Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ գործա-
րարական ոլորտի վստահութեան գնահատականն է, որ ըստ իրեն՝ իր ետեւէն պիտի բերէ նորանոր խնդիրներ եւ թէ յատկապէս օտար հաւանական ներդրողը այս լուրը լսելով՝ բազմաթիւ մտահոգութիւններ պիտի ունենայ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։