Search
Close this search box.

Վանդալական արարքներ՝ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ

Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ ոչնչացման  ազերպայճանական պետական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի Արցախի մէջ։

«Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան միութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան Յովիկ Ավանէսով այս անգամ ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կատարուած վանդալական արարքներու մասին։

Ավանէսով կ՚ըսէ.

«Ազերպայճանական “REAL TV” ալիքը իր Եութիւպեան հարթակին վրայ Փետրուար 4-ին հրապարակած է տեսանիւթ մը՝ բռնագրաւուած Ստեփանակերտէն, ուր կ՚երեւի, որ մայրաքաղաքի Հեքիմեան թաղը  գտնուող Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ խաչը հանուած է, կը բացակայի նաեւ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարը:

Դիմագիրքեան  օգտատէր Ռաֆիք Մեխտիեւ իր էջին հրապարակած է Ստեփանակերտէն այլ տեսանիւթ մը, ուր կը բացակայի  ծովակալ Իսակովի կիսանդրին, ըսել է, թէ հերոսի կիսանդրին եւս դարձած է  Ազերպայճանի  կողմէ  պետական  մակարդակով  իրականացուող  մշակութային  ցեղասպանութեան  յաջորդական զոհը:

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Սերգեյ Շահվերդեանն ալ՝  Դիմագիրքեան իր էջին հրապարակած է ազերպայճանցիներու կողմէ քանդուած Ալեքսանդր  Միասնիկեանի արձանին լուսանկարները։

Փետրուար 9-ին, “Արարատ” թելեկրամեան ալիքը հրապարակած է բռնագրաւուած Հադրութի մէջ  տեղի  ունեցած սրբապղծութեան լուսանկարը: Արցախի Հադրութի՝ պատմական Դիզակի  տարածքին մէջ թշնամիին կողմէ  պղծուած է Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ բակը  գտնուող  վանականներէն մէկուն տապանաքարը:  

Ահաւասի՛կ, անգամ մը եւս կ՚ապացուցուի, որ Ազերպայճան պետական մակարդակով կ՚ոչնչացնէ  Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը»: