Հայաստանի կառավարութեան Փետրուար 15-ի նիստին որոշուած է, որ ՕԹԱՆ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչները փոխարինուին ռազմական կցորդներով։
Սոյն որոշումին համաձայն` Հիւսիսատլանտեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան կից կը գործէ պաշտպանության հարցերու կցորդը (նստավայրը` Պրիւսէլ), նոյնպէս ալ ԵԱՀԿ-ի մէջ պիտի գործէ Հայաստանի պաշտպանութեան հարցերու կցորդը (նստավայրը` Վիեննա):
Այսպէսով` Հայաստան կը հզօրացնէ իր ներկայութիւնը միջազգային առանցքային կազմակերպութիւններու մէջ։
Նշենք, թէ նախապէս Հայաստան ՕԹԱՆ-ի մէջ ներկայացուցիչներ ունէր, իսկ ԵԱՀԿ-ի մէջ՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։