Search
Close this search box.

Թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու բաց մրցոյթ

Հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու բա­ժան­մուն­քը 2023-ի աւար­տին մեկ­նարկեց «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան թարգմա­նական մա­տե­նա­շար» նախա­գի­ծին երկ­րորդ փուլը, որուն նպա­տակն է մարդ­կա­յին ուս­մանց եւ հա­սա­րա­կա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու ար­դի հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թիւնը հա­սանե­լի դարձնել հա­յերէն լե­զուով։

Վեր­նագրե­րու եր­կար ցանկ մը կազ­մուած էր խորհրդա­տու յանձնա­խումբի ան­դամնե­րուն, առա­ջին փու­լին թարգմա­նիչ­նե­րուն, խմբա­գիր­նե­րուն եւ հրա­տարա­կիչ­նե­րուն կող­մէ, ինչպէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի հա­մալ­սա­րանա­կան հա­մապա­տաս­խան բա­ժան­մունքնե­րու դա­սախօս­նե­րու եւ տնօ­րէն­նե­րու առա­ջարկնե­րուն հի­ման վրայ: Առա­ջար­կուած 72 վեր­նագրե­րէն տա­սը գիրք ընտրուեցաւ նա­խագի­ծի խորհրդա­տու մար­մի­նին եւ Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան կող­մէ: Հիմ­նարկու­թիւնը հաս­տա­տեց խորհրդա­տու յանձնա­խումբին առա­ջարկնե­րը եւ այ­դուհե­տեւ պի­տի հո­վանա­ւորէ այդ տա­սը գրքե­րուն հա­յերէն թարգմա­նու­թիւննե­րը:

 

Թարգմա­նելի նոր գիր­քե­րուն վեր­նագրերն են՝

– Benedict Anderson, Imagined Communities: Reflections on the Origin and Spread of Nationalism

– John Rawls, A Theory of Justice

– Gayatri Chakravorty Spivak, A Critique of Postcolonial Reason: Toward a History of the Vanishing Present

– Lawrence Venuti, The Translator’s Invisibility: A History of Translation

– Jacques Le Goff, La civilisation de l’Occident médiéval

– Ludwig Wittgenstein, Logisch-Philosophische Abhandlung / Philosophische Untersuchungen

– Carlo Ginzburg, Il formaggio e i vermi

– William James, Pragmatism

– Terry Eagleton, Marxism and Literary Criticism

– Edgar Wind, Art and Anarchy.

Հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու բա­ժան­մունքը եւ նա­խագի­ծը հա­մակար­գող «ԱՐԻ գրա­կանութեան հիմ­նադրամ»-ը կը մեկ­նարկեն եր­կու բաց մրցոյթ՝ թարգ­մա­նիչ­նե­րու եւ հրա­տարա­կիչ­նե­րու հա­մար։

 

Թարգմա­նու­թեան ընդհա­նուր պայ­մաններն են՝

– Դի­մումնե­րը կրնան ըլ­լալ արե­ւելա­հայե­րէն կամ արեւմտա­հայե­րէն թարգմա­նու­թեան հա­մար.

– Բո­լոր թարգմա­նու­թիւննե­րը պէտք է ըլ­լան բնա­գիր լե­զու­նե­րէն.

– Իւ­րա­քան­չիւր թարգմա­նիչ մէկ գիր­քի թարգմա­նու­թեան դի­մում կրնայ ներ­կա­յաց­նել։

 

Թարգմա­նու­թեան դի­մու­մի փաս­տա­թուղթեր՝

– Բա­ցատ­րա­կան նա­մակ՝ նշե­լով գիր­քի ընտրու­թեան պատ­ճառնե­րը եւ զայն թարգմա­նելու կա­րողու­թիւննե­րը.

– Սեղ­մա­կեն­սագրա­կան եւ թարգմա­նական աշ­խա­տան­քա­յին փորձ.

– Ընտրուած գիր­քէն թարգմա­նական նմուշ (5-էն 7 էջ)։

 

Հրա­տարա­կիչ­նե­րուն վե­րաբե­րող ընդհա­նուր պայ­մաններն են՝

– Հրա­տարա­կիչ­նե­րը կրնան մէ­կէ աւե­լի գիրք հրա­տարա­կելու դի­մում ներ­կա­յաց­նել.

– Հրա­տարա­կիչ­նե­րը պէտք է կա­րենան ընդհա­նուր ծախ­սե­րը ամ­բողջու­թեամբ կամ մա­սամբ հո­գալ։

 

Հրա­տարա­կիչ­նե­րու դի­մու­մի փաս­տա­թուղթեր՝

– Բա­ցատ­րա­կան նա­մակ՝ գիր­քի կամ գիր­քե­րու ընտրու­թեան պատ­ճառնե­րը նշե­լով.

– Հրա­տարա­կու­թեան ցրւու­մի եւ ծա­նու­ցումի ար­շաւ։

Հե­տաքրքրուող թարգմա­նիչ­ներն ու հրա­տարա­կիչ­նե­րը իրենց դի­մումնե­րը պէտք է ղրկեն հե­տեւեալ ել-նա­մակի հաս­ցէին՝ info@ariliterature.org. յա­ւելեալ հար­ցումնե­րու պա­րագա­յին կա­րելի է հե­ռաձայ­նել +374 99 05 11 12 թի­ւին։

Բո­լոր դի­մումնե­րուն վերջնա­ժամ­կէտն է՝ 1 Մարտ 2024-ը։