Search
Close this search box.

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը

 

Փետրուար 20-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով: 

Ժողովը բացուած է Տէրունական աղօթքով. այնուհետեւ  Վեհափառ հայրապետը ողջունած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։ 

Ժողովին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ընթացող զարգացումներուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչուող հարցեր։ Ժողովը մասնաւորաբար կ՚անդրադառնայ տարւոյս ընթացքին Մայր տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան կազմակերպութեան խնդրին։  

Օրակարգին մէջ ընդգրկուած են նաեւ եկեղեցավարչական, թեմական, կրթադաստիարակչական զանազան հարցեր։