Փետրուար 21-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ կնոջ Աննա Յակոբեանի հետ, պատուիրակութեան մը գլխաւորութեամբ երկօրեայ աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսա: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու անդամներ։
Նոյն օրը Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նախագահ Մաքրոնի հետ, որուն յաջորդած է մամլոյ ասուլիս մը։
Ֆրանսայի նախագահը լրագրողներուն յայտնած է, թէ Հայաստան կրնայ ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեան՝ անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ընթացքին եւ խաղաղութեան ձգտումներուն:
«Կը շարունակենք համագործակցութիւնը պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ եւ զինամթերքի Հայաստան առաքման համար Ֆրանսա տուած է իր համաձայնութիւնը»,– ընդգծած է նախագահը, աւելցնելով, թէ պէտք է բարեխիղճ աշխատանք տարուի սահմանազատման եւ սահմանագծման կապակցութեամբ, որ պիտի ծառայէ երկուստեք ուժերու փոխադարձ կարգով սահմանէն քաշուելուն։ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ Պաքուէն պահանջած է ապահովել Արցախի բնակչութեան՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը՝ արագ, անարգել եւ անվտանգ։
Իր կարգին, վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է, որ Հայաստան կը ճանչնայ իր բոլոր դրացիներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պաշտպանական կարողութիւններու զարգացումը պէտք չէ մտահոգութիւն պատճառէ ոեւէ մէկուն։
Ան նշած է, թէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութիւնը մօտալուտ է, եթէ կողմերը հաւատարիմ մնան այդ ուղղութեամբ նախանշուած սկզբունքներուն։
Նոյն օրը, վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած են Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէի հետ։ Կողմերը քննարկած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն, Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի ձեռնարկած քայլերուն, «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, ֆրանքեւհայկական միջխորհրդարանական համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։