«“Եւրոպացիները յանուն Արցախի” շարժումը նամակ մը յղած է Միջազգային ողիմպիական յանձնախումբի նախագահին՝ 2024-ին Փարիզի մէջ կայանալիք ամառնային ողիմպիական խաղերուն Ազերպայճանը մասնակցութենէն զրկելու վերաբերեալ։
Նամակը յղուած է նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին, Փարիզի քաղաքապետութեան, ինչպէս նաեւ Մարզանքի նախարարին։
Նկատի ունենալով Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի իրագործած ցեղային զտումը` Շարժումը կոչ կ՚ընէ արգիլելու Ազերպայճանի իբրեւ պետութիւն ներկայացման Ողիմպիական խաղերուն եւ ազերպայճանցի մարզիկներուն մասնակցութիւնը արտօնելու մի՛այն չէզոք դրօշի ներքոյ։
Բնականաբար սոյն կոչը յղուած է 2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութեան եւ ցեղային զտումներու հետեւանքով իրենց պապենական հողերէն 120․000 Հայերու բռնի տեղահանման պայմաններուն մէջ։
Նամակին պատասխանած է միայն Ֆրանսայի Ազգային ողիմպիական յանձնախումբը՝ ընդունելով իրավիճակը և դիտել տալով, որ իրենց կեցուածքը համահունչ է Ֆրանսայի կառավարութեան կեցուածքին եւ անոր դիւանագիտական ջանքերուն՝ նշելով. «Մենք չենք կրնար անհաղորդ մնալ նման աղէտին հանդէպ»։
Շարժումը այս առումով պիտի շարունակէ ճնշում գործադրել՝ յանուն արդարութեան։
2024 Փետրուար 22»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։