Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան  հանդիպում ունեցած է ֆրանսական խումբ մը ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ

Փետրուար 22-ին,  վարչապետը այցելած է «Քաղաքական երկխօսութեան ընտրանիներու ակումբ», ուր հանդիպում ունեցած է տարբեր բնագաւառներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող ֆրանսական խումբ մը ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Ան անդրադարձած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ աշխուժացման հեռանկարներուն, տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագրերուն, գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ կատարուող քայլերուն, ներդրումային նախագիծերու կարելիութիւններուն:

Փաշինեան առանձին հանդիպումներ ունեցած է նորագոյն արհեստագիտութիւններու հարթակին վրայ գործող Thales, IDEMIA ընկերութիւններու, «Փեռնօ Ռիքար»-ի, զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ նշանաւոր  Societe des Trois-Vallйes ընկերութեան ղեկավարներուն հետ: