Փետրուար 28-ին Պերլինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է գերմանացի իր պաշտօնակից Անալենա Պերպոքի հետ:
Քննարկուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ նոյն օրը Պերլինի մէջ երկու երկիրներու (Հայաստան եւ Ազերպայճան) նախարարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած քննարկումներուն։
Արարատ Միրզոյեան իր պաշտօնակցին ներկայացուցած է Հայաստան-Ազերպայճան միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման առանցքային հարցերու շուրջ Հայաստանի մօտեցումները, որոնք արտացոլուած են նաեւ 2023 Հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումէն ետք ընդունուած յայտարարութեան մէջ, ինչպէս սահմանազատման գործընթացը 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրի հիման վրայ, իսկ տարածաշրջանային ենթակառոյցներու ապաշրջափակումը ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգանքի, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ կատարելու բաժիններուն մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։