Search
Close this search box.

Լաւրով. “Երեւան Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու վատթարացման քաղաքականութիւն վարելու գիտակցուած որոշում կայացուցած է”

 

Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական խորհրդաժողովի արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիսին՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկեյ Լաւրով ափսոսանք յայտնած է, որ «Երեւան Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու վատթարացման ուղղութեամբ քաղաքականութիւն վարելու գիտակցուած որոշում կայացուցած է։

“Կը ցաւինք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, գիտակցուած որոշում կայացուցած է հետեւողականօրէն վարելու Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու վատթարացման քաղաքականութիւն, Ռուսաստանը մեղադրելու այն ամէն ինչի համար, որ կ՚առնչուի Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագրին։ Սա, ի հարկէ, դաշնակցային քաղաքականութիւն չէ”,– ըսած է ռուս նախարարը։