Search
Close this search box.

Երբ Վարդավառը մուտք կը գործէ Տիզնիի աշխարհէն ներս

 

Կամ՝ հայկական աւանդական տարազներով փոքրիկ Հայուհիին հանդիպումը Մինիին, Միքիին եւ անոնց ընկերներուն հետ

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Disney իր մէկ արտադրութեան մէջ տեղ կու տայ հայկական մշակոյթին։

Արդարեւ «Mickey Mouse Funhouse» շարքէն լոյս տեսած վերջին բաժինը, նուիրուած է հայկական աւանդական Վարդավառ տօնին եւ կը կրէ նոյն անունը՝ «Վարդավառ»։ Բացի հայկական մշակոյթի ներկայացումէն, հոն որոշ պահեր նաեւ հայերէն կը խօսուի, որոշ պատկեր մը կը տրուի Հայաստանէն։

Այս բաժնին հեղինակն է Քաթլին Սարնելի Քապուխճեան, որու ամուսինը հայ է։ Ան կ՚ըսէ, թէ գրած է իրենց որդւոյն համար։ 

«Վարդավառ»-ի հակիրճ պատմութիւնը հետեւեալն է։ Մինի՝ Սիրելիներու տօնին՝ Ս. Վալանթէնի առթիւ սխալ հագուստ հագած է։ Մինին, Միքին եւ անոնց բարեկամները կը հիւրընկալէ հայ աստուածուհի Աստղիկ, որ հանդերձաւորուած է հայկական աւանդական տարազով։ Ան իջած է իր մոգական տաճարէն եւ ջրելով Մինին, անոր կը պարգեւէ գեղեցիկ զգեստ մը, որ նոյնպէս հայկական է։ Աստղիկի երկիրը ներկայացուած է Գառնիի տաճարով, Կասկադով…։ Կայ նաեւ անխուսափելի խորովածի դրուագ մը, եւ այլն։

«Վարդավառ»-ը հասանելի է «DisneyNow.com»-ով եւ «DisneyNow» յաւելուածով։ Ի մօտոյ պիտի սփռուի նաեւ «Disney+» կայանէն։