Արա Շահվերդեան եւ Գեղարդ Մանսուրեան
Մարտ 1-ին, Իրանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Թեհրանի եւ հիւսիսային շրջանի Իրանահայութեան ներկայացուցիչ վերընտրուած է Արա Շահվերդեան, իսկ Սպահանի եւ հարաւային շրջանէն երեսփոխան ընտրուած է Գեղարդ Մանսուրեան։ Վերջինս միջազգայնագէտ է եւ իրանական մամուլին մէջ բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ։
Արա Շահվերդեան վերընտրուած է ձայներու 82,30%-ով, իսկ Գեղարդ Մանսուրեան ընտրուած է՝ 78%-ով։
Նշենք, թէ Իրանահայութիւնը խուռներամ շարքերով մասնակցած է ընտրութիւններուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։