Գլամարի քաղաքապետ Ժան-Տիտիէ Պերժէ կ՚արտասանէ իր ճառը
Շաբաթ, Մարտ 2-ի առաւօտեան, Փարիզեան արուարձաններէն հայաշատ Գլամարի մէջ տեղի ունեցաւ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացման առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնը, անոր անունը կրող հրապարակին վրայ, ոգեկոչելու համար իր եւ իր խումբի 22 ընկերներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր դիմադրականներուն յաւերժ յիշատակը։
Արարողութեան ներկայ էին քաղաքապետ Ժան-Տիտիէ Պերժէ, փոխքաղաքապետ տիկին Ժաքլին Մինասեան, երեսփոխան Ժան-Լուի Պուռլանժ, տեղական եւ ազգային բազմաթիւ այլ ընտրեալներ, Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան (ANACRA) նախագահ Լեւոն Յովնանեան, դեսպան Տոլմաջեանի ներկայացուցիչ տիկին Մանուկեան, հայ եւ ֆրանսացի դրօշակակիրներ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու եկած հոծ բազմութիւն մը։
Ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութենէն ետք, քաղաքապետը արտասանեց իր խօսքը, վեր առնելով Մանուշեանի, ընկերներուն եւ անոնց նման շատ-շատերու վեհանձնութիւնը, անձնազոհութիւնը յանուն ազատութեան, յանուն Ֆրանսայի ազատութեան։
Ան նշեց, թէ այս պանթէոնականացումը պատմական քայլ մըն է Դիմադրութեան հերոսներու ճանաչման տեսանկիւնէն։ Ընդգծեց, որ Մանուշեանները առաջին Հայերն են, որոնք մուտք գործեցին Ֆրանսայի Մեծ մարդոց տաճարէն ներս։
“1944 Փետրուար 21-ին Մոն-Վալերիէնի մէջ իր 22 ընկերներուն հետ գնդակահարումէն 80 տարի ետք Գլամար չի մոռնար Հայոց այս որդին, որ իր կեանքը զոհեց յանուն Ֆրանսայի, յանուն մե՛ր ազատութեան։ Անոր քաջութիւնը, անոր հայրենասիրութիւնը, անոր հերոսութիւնը ոգեշնչման աղբիւր են բոլորիս համար”,– ըսաւ Պերժէ ու շարունակեց.
“Գլամարի՝ իր անունը կրող այս հրապարակին վրայ յիշենք Միսաք Մանուշեանի ճակատագիրը։ Թող այն ժողովուրդները, որոնք այսօր ալ կը տառապին, այս տիպարին մէջ գտնեն այն ուժը, որ անհրաժեշտ է գոյատեւելու, իրենց սահմանները պաշտպանելու, իրենց մշակոյթն ու պատմութիւնը փոխանցելու համար”,– ըսաւ քաղաքապետը։
Արարողութեան մասնակցեցան Գլամարի Լէոփոլտ Սենկոր դպրոցի ու Համազգային-Թարգմանչաց հայկական վարժարանի երեխաները, որոնք յաջորդաբար երգեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերը։
Նշենք, թէ Մանուշեան պատերազմի տարիներուն միջոց մըն ալ ապաստան գտած է Գլամարի մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։