«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն՝ X ընկերային ցանցի իր հաշիւին տեղադրած վերջին գրառումներուն մէջ կ՚ըսէ.
«Երբ Արցախի հայ բնակչութիւնը 9 ամիս շրջափակման ենթարկուեցաւ Ազերպայճանի կողմէ, մենք առաջարկեցինք օդային ճամբով սննդեղէն փոխադրել՝ սովէն մահացող անոր 120 000 բնակիչներուն համար։ Մեզի ըսին՝ անկարելի է, արգիլուած է, ապօրինի է։ Նշենք, որ այդ արգելքները ի զօրու չեն, ըստ երեւոյթին, Կազայի բնակիչներու պարագային»
***
«Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան 31 գիւղեր բռնագրաւուած կը մնան Ազերպայճանի կողմէ (ընդհանուր առմամբ 170 քառ. քմ.)։ Անոնց գրեթէ բոլորն ալ Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի մէջ են։ Ո՞վ կը հետաքրքրուի եւ կը գայթակղի։ Ո՞վ կը դատապարտէ։ Ո՞վ կը պահանջէ, որ Ալիեւ ետ քաշէ իր զօրքերը»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։