Search
Close this search box.

Ազերի վանդալները կը քանդեն Արցախի խորհրդարանի շէնքը 

«Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան միութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան Յովիկ Ավանէսով կրկին ահազանգ կը հնչեցնէ.

«Ազերպայճան կը շարունակէ պետական մակարդակով ոչնչացնել եւ իւրացնել ոչ միայն բռնագրաւուած Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը այլ նաեւ պետական եւ մասնաւոր կառոյցներու շէնքերը։

Թշնամիի ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ հրապարակուած տեսանիւթէն կ՚երեւի, թէ ինչպէս ազերի վանդալները կը քանդեն բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանի շէնքը»։

Նշենք, թէ Ավանէսով՝ Դիմագիրքեան մէկ այլ գրառումով հաղորդած է, թէ ազերպայճանցի վանդալներու թիրախ հանդիսացած է նաեւ Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանու մայր տաճարը։