Մարտ 4-ին, Ազերպայճանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Սապինա Ալիեւա յայտարարած է, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք է լուրջ ճնշում բանեցնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի վերջիններս Ազերպայճանին ներկայացնեն ականապատ դաշտերու ճշգրիտ քարտէսները։ “Բռնագրաւման գրեթէ 30 տարիներու ընթացքին Հայաստանի զետեղած ականները կը շարունակեն լուրջ վտանգ ներկայացնել քաղաքացիական եւ զինուորական անձերու կեանքին եւ առողջութեան համար։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ի վեր ականի պայթումի հետեւանքով սպանուած կամ վիրաւորուած է աւելի քան 340 ազերպայճանցի”,– ըսած է ան։
Նշենք, թէ նախորդ օրը Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Ակնայի մէջ ականի պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած են երկու Ազերպայճանցիներ։
Աւելցնենք, թէ ընթացիկ տարուան Յունուար 26-ին Հայաստան ականապատ դաշտերու 8 նոր քարտէսներ յանձնած էր Ազերպայճանին, իսկ Պաքու կը պնդէ, թէ պատերազմէն յետոյ Հայաստանի տրամադրած քարտէսներու ճշգրտութիւնը ընդամէնը 25 տոկոս է, Երեւան ալ կ՚ըսէ, թէ աւելի լաւ որակի քարտէսներ պարզապէս չկան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։