«Եւրոպա Լիկա»-յի մրցումներուն ի հաշիւ՝ ազերպայճանական Էֆ.Քա. Քարապաղ ակումբը հիւրընկալած է Գերմանիոյ Պայեր Լեվերքուզընը։ Այս առթիւ, ազերի մարզիչը գերմանական խումբի սպանացի մարզիչին, առանց որեւէ բարդոյթի, իբրեւ թէ նուիրած է արցախեան գորգ մը։
Բանն այն է, որ նուէրի յանձնումի նկարին՝ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ մտնելէն անմիջապէս ետք՝ գորգի մասնագէտներ դիտել տուած են, որ նուիրուածը՝ հայկական գորգի շատ գէշ մէկ կրկնօրինակն է, հեռու՝ բնօրինակներուն որակէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։