Search
Close this search box.

Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատուոյ շքանշանով կը պարգեւատրուին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Միրիամ Լեքսման եւ Վիոլա Վոն Գրամոն-Թոպատըլ

Հայաստանի Ազգային Ժողովի (ԱԺ) նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կարգադրութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի (Ֆրանսա), Միրիամ Լեքսման (Սլովաքիա) եւ Վիոլա Վոն Գրամոն-Թոպատըլ (Գերմանիա) կը պարգեւատրուին ԱԺ-ի պատուոյ շքանշանով։

Սոյն շքանշանը կը տրուի միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալած, ժողովրդավարութեան զարգացման, ազգային եւ համամարդկային արժէքներու, մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան մէջ ներդրում ունեցած երեսփոխաններուն։