Մարտ 5–7 Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է միջազգային զբօսաշրջութեան ընկերութիւններու ցուցահանդէսը, որուն մասնակցած է նաեւ Հայաստան։
«ITB» կոչուող տարեկան այս ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի 1966-էն ի վեր։ Այս տարի մասնակցած են 170 երկիրներ՝ իրենց 5․500 ընկերութիւններով։
Հայաստանէն մասնակցած են 11 ընկերութիւններ, որոնցմէ մէկը առանձին դիմում կատարած է, իսկ միւսները՝ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան միջոցով։
Ցուցահանդէսին՝ Հայաստանն ու հայկական տաղաւարը աւելի տպաւորիչ դարձնելու համար մեր երկրի մասին պատմող տեսանիւթերէն բացի ներկայացուած է նաեւ գորգագործութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։