Մարտ 15-ին, Պրիւսէլի Ազատ համալսարանին մէջ, «Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ)՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումէն ետք» խորագրով նիւթին շուրջ բանախօսած է Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան։
Դեսպանը ուսանողներուն ներկայացուցած է 1988-2023 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումները, Արցախի պատմութիւնը՝ իր բոլոր երեսակներով՝ շարժում, պատերազմներ եւ բանակցութիւններ։
Դիւանագէտը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին կապակցութեամբ Հայաստանի մօտեցումներուն, ԵՄ-ի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն, համագործակցութեան ընդլայնման ու ապագայ միատեղ ծրագրերուն։
“Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ո՛չ շրջադարձ է դէպի Արեւմուտք, ո՛չ ալ դէպի Արեւելք: Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը շրջադարձ է դէպի Հայոց պետական շահը”,– իր ելոյթին ընդգծած է դեսպան Բալայեան։
Ուսանողներէն շատեր ուզած են իմանալ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածութեան կարելիութեան մասին։ Տիգրան Բալայեան իր պատասխանին մէջ շեշտած է, թէ «Հայաստան պատրաստ է ԵՄ-ին մօտենալու այնքան, որքան ԵՄ-ը պատրաստ է այդ ընելու»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։