Search
Close this search box.

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – Վլատիմիր Փութին նախագահ վերընտրուած է ձայներու 87,3 տոկոսով

ՌԻԱ Նովոստիի համաձայն՝ Ռուսաստանի նախագահական ընտրութեան քուէներու գրեթէ վերջնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Վլատիմիր Փութին ստացած է ձայներու 87,3 տոկոսը: Միւս երեք թեկնածուները 5 տոկոսէն պակաս քուէներ ստացած են։

Ռուսաստանին միացուած նոր շրջաններուն մէջ՝ Տոնեցք, Լուկանսք, Զափորիժիա եւ Խերսոն, Փութին հաւաքած է ձայներու 88-95 տոկոսը:

Նշենք, թէ այս ընտրու­թիւննե­րը տե­ղի ու­նե­ցան 25 տա­րիէ ի վեր Ռու­սաստա­նի վրայ իշ­խող Փու­թի­նի գլխա­ւոր ընդդի­մադիր Ալեք­սեյ Նա­ւալ­նիի՝ ըստ ոմանց մա­հուան, ըստ շատ մը ու­րիշնե­րու՝ սպա­նու­թեան գրե­թէ վա­ղոր­դայնին եւ հա­մայն աշ­խարհին ակնյայտ էր, որ Փու­թին «յաղ­թա­կան պի­տի ել­լէր» այս ընտրու­թիւննե­րէն ալ։

Այսպէս, Եւ­րո­պական խոր­հուրդի նա­խագահ Շառլ Մի­շէլ, հեգ­նանքով շնոր­հա­ւորած էր Փու­թի­նը իր վե­րընտրու­թեան հա­մար, նախ­քան ընտրու­թիւննե­րուն կա­յացումը

Եւրոպական Միութիւնը քննադատած է Ռուսաստանի նախագահական ընտրութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) քննադատած է Ռուսաստանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւնը՝ նշելով, թէ ան տեղի ունեցած է «խիստ սահմանափակ միջավայրի մէջ, Մոսկուայի կողմէ Ուքրաինայի դէմ վրայ անօրինական յարձակման պատճառով»։
Ուքրաինայի բռնակցուած տարածքներուն մէջ կազմակերպուած քուէարկութիւնը ԵՄ-ը անուանած է՝ «իբրեւ թէ ընտրութիւններ, որոնք զուրկ են որեւէ վաւերականութենէ»։