Search
Close this search box.

Փաշինեան՝ Տաւուշի գիւղերու բնակիչներուն հետ հանդիպումին. «Պատերազմ թոյլ չտալն է պատճառը, որ պէտք է գնանք այս հատուածներում սահմանի ճշգրտման»

Մարտ 18-ին, Տաւուշի Ոսկեպարի, Բաղանիսի ու յարակից բնակավայրերու բնակիչներուն հետ հանդիպումին, վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Հայաստանի պաշտօնական քաղաքականութիւնը պատերազմ թոյլ չտալն է։

“Մենք տեսնում ենք, որ իրական հնարաւորութիւնը՝ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթաց սկսելու, կարող ենք իրականացնել այս հատուածում՝ Բաղանիսից Բերքաբեր ընկած հատուածում։ Մեր քաղաքականութիւնն այն է, որ մենք պէտք է պատերազմ թոյլ չտանք, մենք պէտք է թոյլ չտանք, որ պատերազմ սկսի։ Եւ սա է պատճառը, որ որոշել ենք, որ մենք պէտք է գնանք այս հատուածներում Հայաստանի սահմանի ճշգրտման։ Ու դա անում ենք ոչ միայն յանուն Հայաստանի, այլեւ ճշգրտօրէն Ոսկեպար գիւղի համար, Կիրանց գիւղի համար, որպէսզի ապահովենք այդ գիւղերի անվտանգութիւնը”,– շեշտած է վարչապետը։

Ան բնակիչներուն ցոյց տուած է Հայաստանի այն նոյն ուրուագիծը, որ ցոյց տուած էր իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։