Search
Close this search box.

ԹԻՖԼԻՍ – Փարաճանովի «Նռան գոյնը» պարային ներկայացումը մեծապէս խանդավառած է թիֆլիսցի հանդիսատեսը

Մարտ 18-ին, Թիֆլիսի ամէնէն մեծ՝ «Ռուսթավելի» պետական թատրոնի շքեղ դահլիճին մէջ ներկայացուած է Սերգեյ Փարաճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին բնազարդերով համեմուած հայ-ֆրանսական պարային բեմադրութիւնը՝ նուիրուած մեծ բեմադիրին 100-ամեակին։ Բեմադրութեան հեղինակն է նշանաւոր ֆրանսացի պարուսոյց Մուրատ Մերզուքի, գաղափարի հեղինակը` «Saté-Âtre» թատերական միութեան գեղարուեստական ղեկավար Սաթէ Խաչատրեան։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի եւ  Ֆրանսայի դեսպանութիւններու, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ  մարզանքի նախարարութեան, Վրաստանի մէջ Ֆրանսական հիմնարկին կողմէ։

Ներկայ եղած են Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Կիորկի Վոլսքի, Արտաքին գործոց նախարարութեան, գործադիր եւ  օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, օտար երկիրներու դեսպաններ, հասարակական, մշակութային գործիչներ, վիրահայ համայնքի մեծաթիւ անդամներ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Հայաստանի եւ  Ֆրանսայի դեսպաններ՝ Աշոտ Սմբատեան եւ  Շերազ Կասրի։

Իր ելոյթին Հայաստանի դեսպանը անդրադարձած է Սերգեյ Փարաճանովի բացառիկ հանճարին եւ  անգնահատելի ստեղծագործական ժառանգութեան, որ հարստացուցած է ոչ միայն Հայաստանի, Վրաստանի եւ  միջազգային շարժարուեստը, այլեւ  իր իւրայատուկ գեղարուեստական ոճով հիմք հանդիսացած է այս պարային բեմադրութեան ստեղծման։ Ան յատկապէս ընդգծած է վրացի հանդիսատեսին սոյն բեմադրութեան ներկայացման կարեւորութիւնը, քանի որ Թիֆլիսցի Փարաճանով խորապէս կապուած էր բազմերանգ մշակոյթով եւ պատմութեամբ հարուստ այս քաղաքին հետ եւ առ այդ Թիֆլիսը իր անջնջելի հետքը ձգած է անոր ստեղծագործութիւններուն վրայ։

Նշենք, թէ ֆրանքեւհայկական համագործակցութեամբ կեանքի կոչուած այս պարային ներկայացումը արժանացած է ներկաներու ջերմ գնահատանքին եւ  յոտնկայս երկարատեւ ծափահարութիւններուն։