Առաջին նիստի զեկուցողները եւ գիտաժողովի կազմակերպիչները. ձախէն՝ Դալար Շահինեան, Վահէ Սահակեան, Ալեքսանտր Գէորգեան, Խաչիկ Թէօլէօլեան, Սիմոն Փայասլեան, Պորիս Աճէմեան եւ Անոյշ Տէր Սարգիսեան
Մարտ 14–15-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական սփիւռք(ներ)ը շարժումի մէջ» – (Տարածքներ, դերակատարներ եւ զանազան կիրարկումներ 21-րդ դարուն) բնաբանով երկօրեայ գիտաժողով մը, Փարիզի Campus Condorcet-ի մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու հետազօտութեան կեդրոնին մէջ (Օպերվիլիէ), կազմակերպութեամբ՝ Պորիս Աճէմեանի (գիտահետազօտող, ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարան, «Convergences Migrations» հիմնարկ), Անոյշ Տէր Սարգիսեանի («Convergences Migrations» հիմնարկ), Ալէն Նավարա տը Պորժիա-Նաւասարդեանի (Պոլոնիոյ համալսարան – Իտալիա), Իան Սքիոլտօ-Զիւրշերի (գիտահետազօտող «Convergences Migrations» հիմնարկ)։
Փարիզի երկօրեայ գիտաժողովը ձեւով մը շարունակութիւնն էր Միացեալ Նահանգներու Հայկական Ուսումնասիրութիւններու ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած՝ «Սփիւռքը՝ պետականազուրկ ուժ» գիտաժողովին, Լոս Անճըլըսի USC-ի (University of Southern California) մէջ, 2019-ին, ի պատիւ Խաչիկ Թէօլէօլեանի։
Երկու օրերու ընթացքին շուրջ երեսուն համալսարանականներ մասնակցեցան վեց նիստերու եւ կլոր սեղանի մը։ Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնը 1990-ական թուականներէն սկսեալ մեծ յառաջխաղացում արձանագրած է, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեան, որ հիմնադիրն է “Diaspora – A journal of transnational studies” հանդէսին։
Գիտաժողովին առաջին նիստին վերնագիրն էր «Հայկական սփիւռք(ներ). մոտէլէն ուժականութիւն»։ Խօսք առին փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան՝ Պոսթընի համալսարանէն, Վահէ Սահակեան՝ Միշիկընի Տիրպորն համալսարանէն եւ Ալեքսանտր Գէորգեան՝ Սէնթ Ճոնզ համալսարանէն, որոնք անդրադարձան հայկական սփիւռքագիտութեան տեսական հարցադրումներու։ Փրոֆ. Փայասլեան անդրադարձաւ ազգայնականութեան եւ սփիւռքի գոյութեան «հիւանդացում»-ին, Գէորգեան շօշափեց Սփիւռք-Հայաստան ընկերային եւ տնտեսական անհարթութիւններու հարցերը, իսկ Սահակեան՝ անդրմշակութային հայկականութիւնը։ Այս երեք քննարկումներէն ետք, Խաչիկ Թէօլէօլեան՝ տրուած բացատրութիւններուն վերաբերեալ ներկայացուց իր դիտարկումները։
Երկրորդ նիստը կը վերաբերէր Հայկական սփիւռքի հին կեդրոններու եւ նոր երեւոյթներու։ Զեկուցաբերներն էին՝ Գոհար Իսքանտարեան, Արման Խաչատրեան եւ Գարլոս Անթառամեան, որոնք յաջորդաբար զեկուցեցին պարսկահայ, սաղիմահայ եւ Մեքսիքոյի հայկական համայնքներուն մասին։ Հոս անմիջապէս նշենք, թէ Անթառամեանի՝ Մեքսիքոյի հայ համայնքի պատմութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւնը ձեւով մը յայտնաբերում էր, նկատի ունենալով որ այդ նիւթին շուրջ սակաւ տեղեկութիւններ կան ընդհանրապէս։ Այս նիստին 4-րդ եւ 5-րդ զեկուցաբերները՝ Զատիկ Թիսըրան (Ֆրանսա, Փարիզ) եւ Աննիքա Թէօռն (Պազելի համալսարան) ներկայացուցին Աբխազիոյ համշէնահայութեան սերտ յարաբերութիւնները Արցախի Հանրապետութեան հետ, երկու «հանրապետութիւններ» որոնք միջազգային ճանաչման մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուէին։ Իր դիտարկումներով երկրորդ նիստը ամփոփեց Սթրազպուրկի համալսարանէն Ստեփան տը Թափիա։
Երրորդ նիստին Նուարդ Մելքոնեան (Երեւանի Պետական համալսարան) քննարկեց պատերազմէն ետք եւ համաճարակի օրերուն Ուքրաինայի եւ Ռուսաստանի Հայերուն՝ Հայաստան վերադարձի խնդիրը, իսկ Գոնրատ Սիեքերսքի (համալսարանական՝ Լոնտոնի գոլէճէն) ներկայացուց այն ուխտագնացութիւնները, զորս Արեւմտահայերը (եւ Արեւելահայերը, ի միջի այլոց) կը կազմակերպեն դէպի Արեւմտեան Հայաստան՝ իրենց նախնիներուն ծննդավայրին մէջ վերապրելու համար անոնց ներկայութիւնն ու զգացումները։ Այնուհետեւ Ֆրանսայէն համալսարանականներ՝ Սեսիլ Լըֆեվր, Ալիս Պոքքարա եւ Սոֆի Հոհման քննարկեցին Հայաստանի նկատմամբ ֆրանսահայ երիտասարդութեան երազանքները, հակումները, նախապաշարուոմներն ու սպասումները։ Այս նիստի աւարտին Պորիս Աճէմեան եւ Անոյշ Տէր Սարգիսեան ներկայացուցին իրենց դիտարկումներն ու տեսակէտները՝ զեկուցող դասախօսներու նիւթերուն առնչութեամբ։
Գիտաժողովին երկրորդ օրը՝ Մարտ 15-ին, տեղի ունեցաւ չորրորդ նիստը, որ մասնաւորաբար սփիւռքահայ կիներու հարցերուն նուիրուած էր։ Թալին Կրեկոր, Հուրի Պէրպէրեան (երկուքն ալ Գալիֆորնիոյ համալսարանէն) անդրադարձան ընդհանրապէս հայ կիներու եւ մասնաւորաբար պարսկահայ կիներու՝ մանրապատումներուն եւ գործածած իրերուն։ Իսկ Ժանիս Օքումեան (Ռոտ Այլընտ գոլէճ) քննարկեց կիներու մասնակցութիւնը համայանքային հասարական կեանքին ու պայքարներուն։ Սոյն նիստը իր դիտարկումներով եզրափակեց դասախօս եւ ընկերաբան Ալէն Նավարա։
Հինգերորդ նիստին բնաբանն էր՝ «Պատկանելիութեան հարցը՝ փոփոխուող սփիւռք(ներ)ու մէջ։ Խօսք առին Իրինա Գրիգորեան (Թուրքիոյ Koç համալսարան), Նաթալիա Գոսմարսքայա (Մոսկուայի Գիտութեանց ակադեմիա) եւ Եուլիա Անտոնեան (Երեւանի Պետական համալսարան), որոնք քննարկեցին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի բերումով հարկադրաբար տեղափոխուած Սուրիահայերու նոր բնակութեան վայրի ու ինքնութեան փոխյարաբերութիւնը, եւ Ռուսաստանի Հայութեան խառն ամուսնութիւններու ստեղծած ինքնութենական տագնապները։ Եուլիա Անտոնեան յատկապէս ներկայացուց Լիբանանի մէջ ծնունդ առած կրօնական եղբայրութեան մը հետեւորդներու հոգեւոր աշխարհի ապրումները, հեռու հայկական եկեղեցական աւանդութիւններէն։ Սոյն նիստը իր դիտարկումներով ամփոփեց Ինալքոյի դասախօս, փրոֆ. Թալին Տէր Մինասեան։
Վեցերորդ նիստը կ՚առնչուէր սփիւռքային նոր հարթակներ հետապնդողներու։ Հուրի Փիլիպոսեան (Հայաստանի՝ Ամերիկեան համալսարան) խօսեցաւ Հալէպահայութեան համար ստեղծուած համացանցային նոր հարթակներու մասին, ուր կը քննարկուին ու կ՚ուսումնասիրուին Հալէպի պատմութեան զանազան դրուագները։ Կարէն Ճալլաթեան (Գերմանիա) անդրադարձաւ Վահէ Օշականի՝ նոր սերունդը դաստիարակելու սփիւռքային մտայնութեան։ Իսկ Սվանթ Լունտկրեն (Շուէտի Լանտ համալսարան) խօսեցաւ շուէտահայ երիտասարդներու մասին, որոնք թուային աշխարհի մէջ նոր հարթակներ ստեղծելու, իրարու հետ յարաբերելու, նոր միջոցներ որոնելու գործին լծուած են եւ կը կատարեն նաեւ անդրազգային աշխատանքներ՝ Հայաստան-Շուէտ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ։ Նիստը ամփոփուեցաւ Շուշան Կարապետեանի (Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարան) դիտարկումներով։
Եւ ի վերջոյ գիտաժողովի կլոր սեղանը «Սփիւռքը՝ պետականազուրկ ուժ» վերտառութեամբ, որուն մասնակիցներն էին Դալար Շահինեան (Գալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանէն), Սօսի Գասպարեան (Սթիրլինկ Համալսարանէն, Միացեալ Թագաւորութիւն) եւ Ցոլին Նալպանտեան (Հէյտըն համալսարան, Նետերլանտներ), ինչպէս նաեւ Պորիս Աճէմեան, Վահէ Սահակեան եւ Խաչիկ Թէօլէօլեան։ Կլոր սեղանը քննարկեց 2019-ին
Լոս Անճըլըսի մէջ կայացած «Սփիւռքը՝ պետականազուրկ ուժ» գիտաժողովին նուիրուած հրատարակութիւնը, որուն խմբագիրներն են Դալար Շահինեան, Սօսի Գասպարեան եւ Ցոլին Նալպանտեան։ Նկատի առնելով որ 2019-ի գիտաժողովը նուիրուած էր Խաչիկ Թէօլէօլեանի սփիւռքագիտութեան ասպարէզին ունեցած մեծ ներդրումին ու վաստակին, սոյն հրատարակութեան ներկայացումին առթիւ քիչ չէին Թէօլէօլեանին ուղղուած մեծարանքի ու գնահատանքի խօսքերը։ Բոլոր անոնք որոնք սփիւռքագիտութեամբ կը զբաղին միշտ յղում կ՚ընեն անոր կարեւոր տեսութիւններուն եւ անդրազգայնութեան գաղափարներուն։
Եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ Խաչիկ Թէօլէօլեանի եւ Միշէլ Պրիւնոյի (CNRS-ի գիտաշխատող, Ֆրանսա) մասնակցութեամբ, որոնք ձեւով մը ամփոփեցին սոյն գիտաժողովին հիմնական նորութիւնները՝ թուային աշխարհը, սփիւռքի տեսական հարցերու քննարկումները եւ սփիւռք(ներ)ու շարժումի գաղափարը՝ Արեւելքէն Արեւմուտք, Արեւմուտքի մէջ երիտասարդութեան նոր յղացումները, որոնք աւանդական կառոյցներէն դուրս իրենց աշխարհը կ՚ուզեն ստեղծել, Հայաստանի հետ նոր յարաբերութիւններ մշակել…։ Ապա Խաչիկ Թէօլէօլեան անգամ մը եւս խօսք առաւ եւ անդրադարձաւ երկօրեայ գիտաժողովին արծարծուած նիւթերուն, սփիւռքագիտութեան ասպարէզին մէջ անդրազգայնութիւնը հիմնաւորող երեւոյթներուն, պետականազուրկ հաւաքականութիւններու ընդհանրայնացման, համաշխարհայնացման, աշխարհակարգի նոր ընկալումներուն, որոնց մէջ ապագային մեծ դերկատարութիւն պիտի ունենայ թուային աշխարհը։
Խ. Թէօլէօլեանի երեք կարեւոր եզրայանգումներն էին՝
– սփիւռք(ներ)ը հետզհետէ առաւել պիտի զարգանան եւ տեւական իրողութիւն մը պիտի դառնան,
– բոլոր ազգերը իրենց սփիւռք(ներ)ը կ՚ունենան, որ անդառնալի երեւոյթ մըն է, մա՛նաւանդ որ թուայնացած աշխարհը կ՚օգնէ նման սփիւռք(ներ)ու զարգացումին,
– սփիւռք(ներ)ը, իբրեւ ուժ, իրենց ծննդավայրի պետութիւններուն հետ տնտեսական յարաբերութիւններ զարգացնող եւ նոր մշակոյթներ ձեւաւորող խմբաւորումներ են։
Թ. Շ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։