Մարտ 15-17, Գերմանիոյ Վալլենտար քաղաքի կաթողիկէ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի կազմակերպած «Հաւատքի ճամբար» երիտասարդական հանդիպումը։
Թեմիս Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեանի օրհնութեամբ «Հաւատքի ճամբար»-ի կազմակերպչական պատասխանատւութիւնը ստանձնած էր արժ. Տ. Տիրատուր քհնյ Սարդարեան։ Անկէ բացի ճամբարին մասնակցեցան նաեւ Թեմիս հոգեւորականներ Տ. Այգիկ քհնյ Յովհաննիսեան, Տ. Հրաչ քհնյ Բիլիջեան եւ Տ. Վահրիճ քհնյ Բաղդասարեան։ Ճամբարին ներկայ էր հիւրաբար Գերմանիա գտնուող Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան հոգշ. Տ. Գարեգին վրդ. Համբարձումեան։
«Ուղեւորութիւն դէպի հաւատքի ակունքներ» ճամբարը մասնակից աւելի քան երեք տասնեակ երիտասարդներուն ընձեռեց բացառիկ հնարաւորութիւն՝ խորասուզուելու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հարուստ պատմութեան, անոր ուսմունքի եւ խոր աւանդութիւններու, քրիստոնէական հաւատքի հիմնակէտերու եւ այլնի մէջ։
Երիտասարդները առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու եւ անմիջականօրէն շփուելու հոգեւորականներուն հետ, անոնց առաջնորդութեամբ զրուցելու եւ քննարկելու Աստուածաշունչին, հաւատքի, եկեղեցւոյ, մշակութային եւ հոգեւոր ինքնութեան վերաբերող հարցեր։ Այս եւ այլ հարցերու շուրջ խմբային եւ ներգործուն (interactif) քննարկումները, հոգեւոր խորհրդածութեան պահերը եւ ժամերգութիւններու մասնակցութիւնը երիտասարդներուն համար լաւ առիթ հանդիսացաւ խորհրդածելու հաւատքի կարեւորութեան մասին, ձեռք բերելու անձնական պատկերացումներ:
Մասնակից երիտասարդները հեռավար կապով ունկնդրեցին Առաջնորդ Սերովբէ սրբազանի օրհնութեան խօսքը, ականջալուր եղան մասնակից հոգեւորականներու խորհրդածութիւններուն` քրիստոնէութեան, ընկերային ծառայութեան, եկեղեցւոյ եւ համայնքին մէջ իրենց ներգրաւուածութեան կարեւորութեան մասին, աշխուժօրէն մասնակցեցան այս եւ այլ նիւթերու շուրջ քննարկումներուն։
Ճամբարը ստեղծեց հարթակ մը՝ ընկերային անմիջական շփումներու եւ մէկզմէկու հետ կապեր հաստատելու համար։
Ըստ «Հաւատքի ճամբար»-ին մասնակից շատ մը երիտասարդներու՝ նման հանդիպում մը պէտք է կազմակերպուի պարբերական յաջորդականութեամբ, քանի որ լաւագոյն առիթը ընծայեց իրենց միասին ըլլալու, սորվելու շատ նոր բաներ եւ ապրելու անմոռանալի պահեր:
Դիւան Առաջնորդարանի ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։