Search
Close this search box.

Պաքու կը պնդէ, թէ սահմանին հայկական զինուած ուժերու «աշխուժ տեղաշարժ կը նկատուի»

 

Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն՝ վերջին շրջանին «հայ-ազերպայճանական պայմանական սահմանի տարբեր հատուածներու մէջ նկատելի է կենդանի ուժի, զրահապատ սարքերու կուտակում, զօրքերու աշխուժ տեղաշարժ»։

Պաքու յայտարարած է, որ իբրեւ թէ Հայաստանի մէջ վրէժխնդիր ուժերու կուտակում կը նկատուի, զգուշացնելով, որ «ռազմական հրահրումի որեւէ փորձ պիտի ճնշուի ազերպայճանական բանակին կողմէ»։

«Անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ կացութեան սրման եւ որեւէ հրահրման ամբողջ պատասխանատւութիւնը կ՚իյնայ Հայաստանի եւ անոր հովանաւորներուն վրայ»,– ընդգծուած է Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ Պաքուի պնդումները

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս հերքած է ազերպայճանական կողմին պնդումը՝ սահմանին հայկական զինեալ ուժերու տեղաշարժի մասին, նշելով թէ Պաքուի յայտարարութիւնը իրականութեան չի համապատասխաներ։ 

«Մարտ 30-ին, թելեկրամեան որոշ ալիքներով տարածուած լուսանկարները, որոնք կը վերաբերին բանակի շարքերուն միացած նորակոչիկներուն՝ կառքերով երթերուն, ազերպայճանական կողմը փորձած է ներկայացնել իբրեւ դէպի սահմանները ուղղուած զօրաշարժ, որ բնականաբար իրականութեան չի համապատասխաներ»,– նշուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։