Search
Close this search box.

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ – 24-րդ Եւրոհայկական խաղերը (Euro Armenian Games) – Մարտ 29 – Ապրիլ 1 (Լուսանկարներու շարք)

2024 Մարտ 28-էն Ապ­րիլ 1, տե­ղի ու­նե­ցան 24-րդ Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերը, որոնք կազ­մա­կեր­պուած էին Պար­սե­լոնա­յի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան կող­մէ։ Պար­սե­լոնան երկրորդ ան­գամն էր, որ կը հիւ­րընկա­լէր Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերը, առա­ջին­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած էին 2014-ին։

Այս հսկա­յական նա­խաձեռ­նութիւ­նը պա­հան­ջած է վե­ցամ­սեայ միու­թե­նական կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանք, խա­ղերու ըն­թացքին՝ շուրջ 100 հո­գիի կա­մա­ւոր մաս­նակցու­թեամբ՝ դի­մաւո­րելու հա­մար 600 մար­զիկներն ու հիւ­րե­րը, զա­նոնք տե­ղաւո­րելու, փո­խադ­րե­լու մար­զա­դաշտ, մրցումնե­րու ըն­թացքին խումբերն ու խա­ղերը տեղ­ւոյն վրայ առաջ­նորդե­լու, դա­սաւո­րելու, ապա նաեւ զա­նոնք կե­րակ­րե­լու եւ երե­կոնե­րը հա­ւաքա­կան զուարթ ժա­մանցներ կազ­մա­կեր­պե­լու։ Հարկ եղած է նաեւ ստեղ­ծել կար­գա­պահու­թեան հսկող հա­մակարգ, երաշ­խա­ւորե­լու հա­մար ապա­հովու­թիւնը, հե­տեւե­լու խա­ղերու հե­զասահ ընթացքին։ 

Եօթը մար­զա­ձեւե­րու խա­ղեր կազ­մա­կեր­պուած էին, 17 եր­կիրնե­րէ 31 պա­տուի­րակու­թիւննե­րու եւ ան­հատ մաս­նա­կից­նե­րու հա­մար։ Սպա­նիոյ մի­ջերկրա­կանեան ափին՝ Պար­սե­լոնա­յի CEM La Mar Bella ծո­վահա­յեաց մե­ծագոյն մար­զա­դաշ­տը եր­կու օրե­րու ըն­թացքին դար­ձաւ հայ մար­զիկնե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Եր­կու խա­ղավայր նուիրուած էր ֆութսա­լի, մէ­կական՝ պաս­քէթպո­լի, վո­լեյ­պո­լի, պատ­մինթը­նի, սե­ղանի թե­նիսի, ճատ­րա­կի եւ նար­տիի։

Առա­ջին օրը՝ Մարտ 28-ին մաս­նա­կից­նե­րը ծա­նօթա­ցան իրա­րու, ինչպէս նաեւ մրցումնե­րու վի­ճակա­հանու­թեան ամե­նայն թա­փան­ցի­կու­թեամբ կազ­մա­կերպման աշ­խա­տանքնե­րուն։

Նշենք, թէ Պար­սե­լոնա­յի հա­մայնքը, որ կազ­մուած է մեծ մա­սամբ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թած հա­յերէ եւ աւան­դա­կան սփիւռքէն քա­նի մը ըն­տա­նիք­նե­րէ, բա­ցառիկ նուիրու­մով կազ­մա­կեր­պած էր Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերը։ Ինչպէս վե­րեւ ըսինք, վեց եր­կար ամիս­ներ տե­ւած տքնա­ջան աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք էր սոյն մրցա­շար­քի կազ­մա­կեր­պումը, որ իրա­պէս մեծ իրա­դար­ձութիւն է միայն 4000 ան­դամ հա­շուող հա­մայնքի մը հա­մար։ Պար­սե­լոնա­յի հայ հա­մայնքը Տա­թեւ Սու­լեանի ղե­կավա­րու­թեամբ կրցաւ յա­ջողու­թեամբ գլուխ հա­նել այս նուիրա­կան «մար­տահրա­ւէր»-ը։

Սփիւռքի գոր­ծե­րու գլխա­ւոր յանձնա­կատա­րի գրա­սենեակի ղե­կավար Մու­շեղ Ղու­կա­սեան եւ Կա­րէն Ավա­նէսեան, ինչպէս նաեւ Սպա­նիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Սօս Աւե­տիսեան յա­տուկ հրա­ւէրով ներ­կայ գտնո­ւեցան խա­ղերուն։

Մրցումնե­րը ծայր առին Մարտ 30, առա­ւօտուն ժա­մը 9-ին։ Ֆութպո­լի խումբե­րուն թի­ւը 22 էր, պաս­քեթպո­լինը՝ 12, վո­լեյ­պո­լինը՝ 12, պատ­մինթը­նինը՝ 8, սե­ղանի թե­նիսի­նը՝ 33։

Խա­ղերուն մթնո­լոր­տը շատ ոգե­ւորիչ էր, երի­տասարդնե­րու դրսե­ւորուող ու­ժա­կանու­թիւնը՝ տպա­ւորիչ։ Նշենք նաեւ, որ Պար­սե­լոնա­յի մե­ծագոյննե­րէն հա­մարուող CEM La Mar Bella մար­զա­համա­լիրը նեղ կու գար 600 մաս­նակցնե­րուն։ Թե­րեւս յա­ջոր­դին պէտք է առա­ւել յար­մար դաշ­տե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պել մրցումնե­րը, որոնք կրնան հա­մախմբել բա­զում մար­զա­ձեւե­րը։

Սոյն խա­ղերը կազ­մա­կեր­պուած էին Զատ­կուան տօ­նին առի­թով, հե­տեւա­բար մաս­նա­կից մար­զիկնե­րը միաս­նա­բար տօ­նեցին հայ­կա­կան Զա­տիկը մար­զա­դաշ­տե­րուն վրայ։

Պատ­մա­կանօ­րէն, Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերուն սկիզբ դրուած է ՀԲԸՄ-ի կող­մէ (մին­չեւ 1995), երբ պար­բե­րաբար կը կազ­մա­կեր­պուէին մրցա­շար­քեր, բայց յե­տոյ յար­մար նկա­տուած է այդ մրցումնե­րուն հա­մաեւ­րո­պական բնոյթ տալ, նկա­տի առ­նե­լով հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու բո­լոր ակումբնե­րու, կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու պա­հան­ջը, ցան­կութի­նը, հայ երի­տասարդնե­րը քով-քո­վի բե­րելու աւե­լի մեծ հնա­րաւո­րու­թիւն ստեղ­ծելու։ 1996-էն մար­զա­խաղե­րը կը ստա­նան հա­մաեւ­րո­պական տա­րողու­թիւն։ Այ­նուհե­տեւ մին­չեւ 2019 շուրջ 23 հա­ւաք­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են։ 2020-ին, պսա­կաձեւ ժահ­րին պատ­ճա­ռով մար­զա­խաղե­րը ընդմի­ջուած են։ Այլ խօս­քով, 2024-ը հա­մաեւ­րո­պական խա­ղերու վերսկսման տա­րին ըլ­լա­լով կը յատ­կանշուի։ Բա­ցի Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերէն, Եւ­րո­պայի հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րը կը մաս­նակցին նաեւ չորս տա­րին ան­գամ մը Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերուն։

Եւ­րո­հայ­կա­կան խա­ղերու կազ­մա­կեր­պիչ մար­մի­նը կազ­մուած է տար­բեր եր­կիրնե­րու 9 ներ­կա­յացու­ցիչնե­րէ, որոնք ար­դէն 1996-էն ի վեր կ՚աշ­խա­տին եւ մաս կը կազ­մեն նաեւ Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերու կեդ­րո­նական խոր­հուրդին։ Այս տա­րի Պար­սե­լոնա­յի ակումբէն Տա­թեւ Սու­լեանն էր, որ ստանձնած էր մար­զա­խաղե­րուն ընդհա­նուր պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը։

Նա­խատե­սուած է Եւ­րո­հայ­կա­կան յա­ջորդ խա­ղերը գալ տա­րի կազ­մա­կեր­պել Սո­ֆիայի մէջ՝ Պուլկա­րիա, որ նա­խապէս նման խա­ղեր կազ­մա­կեր­պած ըլ­լա­լու փոր­ձա­ռու­թիւնը ունի։

Թ.Շ. ■