Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի X ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրած է, թէ Ֆրանսա ունի այնպիսի ռազմամթերք, զոր բոլորը կ՚ուզեն ձեռք ձգել, սակայն Փարիզ զայն կը տրամադրէ Հայաստանին։
Գրառման կից դեսպանը հրապարակած է Thales ընկերութեան կողմէ ֆրանսական ռատարներու արտադրութեան մասին Politico պարբերականին յօդուածը, ուր կը նշուի թէ ընկերութիւնը 2008-էն ի վեր 200 GM ռատար վաճառած է աշխարհի 32 երկիրներու, որոնցմէ 40-ը՝ 2023-ին։ Անցեալ ամիսներուն Փարիզ երեք GM200 համակարգ վաճառած է Հայաստանին, մէկ համակարգ ալ Մոլտաւիոյ։ Վերջինս պիտի ստանայ հատ մը եւս՝ Եւրոպական Միութեան «Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամ»-ին գանձատրումով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։