Ապրիլ 8-ին լոյս տեսած է Վրաստանի մէջ հեղինակութիւն վայելող, հասարակական-գրական «Արիլի» ամսագրին 2024-ի անդրանիկ թիւը, որ ամբողջովին նուիրուած է հայ գրականութեան։ Հոն տեղ գտած են հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու, ի շարս որոնց` Նարեկացիի, Եղիշէ Չարենցի, Պարոյր Սեւակի, Նահապետ Քուչակի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Գրիգոր Զօհրապի, Հրանտ Մոթեւոսեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, հայ-վրացական հասարակական-գրական կապերուն վերաբերող յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ։
Թիւը լոյս տեսած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ պատուոյ հիւպատոս Կիորկի Մաիսուրաձէի աջակցութեամբ։
***
Ապրիլ 7-ին, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան մասնակցած է վիրահայ տիկնիկագործ Արմէն Յովհաննիսեանի տիկնիկային ներկայացման` նուիրուած տիկնիկային թատրոնի հիմնադրութեան 6-րդ եւ Սերգեյ Փարաճանովի ծննդեան 100-րդ տարեդարձին։
Իր խօսքին մէջ դեսպանը շնորհաւորած է Արմէն Յովհաննիսեանը՝ յաջորդական գեղեցիկ ներկայացման համար եւ ընդգծած տեղւոյն հայ վարպետներու իւրայատուկ դրոշմին նշանակութիւնը՝ Թիֆլիսի` խոր արմատներ ունեցող տիկնիկագործական աւանդութիւններու զարգացման աշխատանքին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։