Ապրիլ 10-ին, Ուքրաինայի արեւմտեան շրջանը գտնուող Ուժհորոտ փոքրիկ քաղաքին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղադրուած է հայ ականաւոր բեմադիր Սերգեյ Փարաճանովի քանդակը:
Ուքրաինացի վարպետ Ռոման Մուռնիքի հեղինակած քանդակը տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով զետեղուած խաչքարին դրացնութեամբ: Մեծ վարպետի մեծարման նախաձեռնութեան հեղինակներն են՝ Ուժհորոտի քաղաքային խորհուրդի անդամ Արսէն Մելքումեան եւ Անդրքարփաթեան երկրամասի հայ համայնքէն Աւետիք Գասպարեան:
Արարողութիւնը սկսած է միասնական աղօթքով եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրաինայի թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի ողջոյնի խօսքով։ Ներկաները ողջունած են նաեւ Ուժհորոտի փոխքաղաքապետ Իվան Զաւիթնեակ, Ուքրաինայի Շարժանկարիչներու ազգային միութեան նախագահ Սերգեյ Պորտենեուք, Ուքրաինայի հայերու միութեան գրասենեակի ղեկավար Դաւիթ Մկրտչեան, Հայաստանի դեսպանատան առաջին քարտուղար Հայկ Թորոսեան, տեղւոյն քաղաքային խորհուրդի անդամ Արսէն Մելքումեան, Ուքրաինայի վաստակաւոր արուեստագէտ Եւկենի Տիշչուք, Անդրքարփաթիայի հայ համայնքի ղեկավար Կարէն Ենոքեան եւ ուրիշներ։
Աւարտին, Ուքրաինայի հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանի անունով շնորհակալագրեր յանձնուած են Սերգեյ Փարաճանովի արուեստին այս ձեւով մեծարման նախաձեռնողներուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։