ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին մէջ Ապրիլ 15-19 տեղի կ՚ունենան «Հայաստան՝ ընդդէմ Ազերպայճանի» դատական գործով հանրային ունկնդրութիւններ։
Ատեանին կողմէ այս կապակցութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ ունկնդրութիւնները կը վերաբերին ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագրի շրջածիրին մէջ քննարկուող «Հայաստան՝ ընդդէմ Ազերպայճանի» դատական գործին։
Հայկական կողմը կը գլխաւորէ Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։