Search
Close this search box.

ՎԵՆԵՏԻԿ – Մխիթարեան Միաբանութիւնը կը նշէ հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակին առթիւ, Մխիթարեան Միաբանութիւնը պիտի նշէ ազգանուէր հիմնադրի երկնային ծնունդը եւ անզուգական ներդրումը հայ հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի մէջ շարք մը հոգեւոր եւ գեղարուեստական ձեռնարկներով, միասնաբար կազմակերպուած Վենետիկի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսութեան հետ, ներառեալ Հայրենիքէն այս առթիւ հրաւիրուած Կոմիտաս քառեակի համերգով, Վենետիկի մէջ։ 

Մխիթար Աբբահօր ոգեկոչումը պիտի սկսի Շաբաթ օր, Ապրիլ 27-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, ձայնաւոր պատարագով Սուրբ Ղազար մայրավանքին մէջ, Էտէսսա համոյթի մասնակցութեամբ, Ժիւսթին Ռափաչչոլիի ղեկավարութեամբ: Համոյթը իտալական երաժշտական ասպարէզէն ներս կը գործէ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, յատկապէս շեշտը դնելով հայկական ձայնային երաժշտութեան վրայ:  

Կոմիտաս ազգային քառեակը, որ այս տարի կը նշէ իր հարիւրամեակը, Մայիս 3-ի երեկոյեան ելոյթ պիտի ունենայ Վենետիկի հանրածանօթ Կոլտոնի թատրոնին մէջ: Էդուարդ Թադեւոսեանի ղեկավարած նուագախումբը,– հիմնադրուած 1924-ին Մոսկուայի մէջ հայ ուսանողներու կողմէ,– շարունակաբար գործող աշխարհի ամէնէն հին լարային քառեակն է։ Ըստ երաժիշտ Արամ Խաչատրեանի, Կոմիտաս քառեակը «հայ երաժշտական մշակոյթի գոհարն է»։ Իր յիշատակելի պատմութեան ընթացքին, քառեակը համագործակցած է յայտնի երաժիշտներու հետ, ինչպէս Տմիթրի Շոսթաքովիչի եւ Մստիսլաւ Ռոսթրոփովիչի՝ ամրապնդելով իր տեղը դասական երաժշտութեան աշխարհին մէջ։ Համերգի ծրագիրը կ՚իրականանայ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան եւ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի աջակցութեամբ, Սեդրակ Թոքաճեանի հովանաւորութեամբ։

Քառեակը ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Ս. Ղազարի մէջ, Կիրակի, Մայիս 5-ի երեկոյեան։

Տօնակատարութիւնը կը շարունակուի Երեքշաբթի օր, Ապրիլ 30-ին, Մարսիլիայէն յատկապէս հրաւիրուած «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի համերգով, Վենետիկի Ճեզուաթի եկեղեցւոյ մէջ, հայկական խմբերգային երաժշտութեան յայտագրով։ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը, հիմնադրուած 1977-ին, իր արժանի տեղը գտած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ իբրեւ հայկական երաժշտական հարստութեան յայտնի ժառանգորդներէն մէկը։

Երգչախումբը ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Ս. Ղազարի մէջ, Հինգշաբթի օր, Մայիս 2-ին։

Նշենք, թէ՛ Կոմիտաս քառեակը եւ թէ՛ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը ելոյթ պիտի ունենան նաեւ Փատովայի մէջ, Չորեքշաբթի օր, Մայիս 1-ին։

2024 Ապրիլ 17

***

Մխիթարեան Միաբանութեան գլխաւոր առաքելութիւնն է՝ Քրիստոսի Աւետարանի քարոզութիւնը «Ի հոգեւոր օգուտ եւ ի լուսաւորութիւն Ազգին մերոյ Հայկազնոյ» ըստ հիմնադրին՝ Մխիթար Աբբահօր տեսլականին, որ ուզեց հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի զարգացումն ապահովել։ Ան մուտք կը գործէ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզին 1717-ին, այնտեղ հաստատելով Միաբանութեան մայրավանքը։ Մխիթարեան մայրավանքին, վանատուներուն եւ դպրեվանքերուն մէջ Հայրերը հաւատարմօրէն կը կատարեն  ժամասացութեան աղօթական ժամերը եւ Սուրբ պատարագի հանապազօրեայ մատուցումը, Կիրակի եւ տօնական օրերուն, Հայ ծէսին շքեղ փայլով, ըստ տօնական կարգին, բարձրացնելով առ Աստուած իրենց աղօթքը եւ հայցելով աշխարհին խաղաղութիւն, Եկեղեցւոյ՝՝ պայծառութիւն, Հայրենիքին՝ հոգեւոր, գիտական ու նիւթական զարգացում եւ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն՝  խաղաղ, բարօր եւ երջանիկ ապագայ: