Ապրիլ 10-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ծրագրի 2023-ի արդիւնքներու զեկոյցի քննարկման ընթացքին վարչապետ Փաշինեան մէկդի դնելով վիճակագրութիւն եւ կառավարութեան տարբեր՝ ընկերային, տնտեսութեան առնչուած զանազան ծրագրերու գնահատականը, կեդրոնացաւ «պատմական Հայաստան» եւ «իրական Հայաստան» ըմբռնումներուն, տեսլականներու բախումին, հակադրութեան քննարկման վրայ։
Հակառակ անոր որ Միջին Արեւելքի տագնապը Իրան-Իսրայէլ տարածաշրջանային մեծ պատերազմի վերածուելու վտանգը կ՚ապրի, անդին՝ ուրիշ պատերազմ մը՝ 2020-ի 44-օրեայի պարտութիւնը եւ անկէ ետք Արցախի հանրապետութեան քայքայումը դեռ կը յուզէ հայութիւնը, Հայաստանի կառավարութիւնն ու քաղաքական դասը եւ կը ստիպէ միջազգային ու ազգային իրականութիւնները այլ կերպ ընկալելու։ Վարչապետին բանաձեւումին հետ համաձայն ըլլանք կամ չըլլանք, այդ անդրադարձը հետեւանք է պատմական մեծ կորուստի՝ թէ՛ երիտասարդ սերունդի, թէ՛ պատմական Արցախի հայկական բնակավայրի, թէ ազգային մշակութային ժառանգութեան, ինչ որ անցեալի բազմաթիւ պատկերացումներ, ընկալումներ, վերլուծութիւններ, ռազմավարական դաշինքներ, նախապաշարումներ վերատեսութեան ենթարկելու առիթ կը հանդիսանայ։
Իբր սփիւռքահայ, բնական է որ պատմական Հայաստանի, Արեւմտահայաստանի յիշողութիւնը, ուրուականը միշտ մեզի ընկերակցի։ Ան կ՚ընկերակցի նաեւ Հայաստանի քաղաքացիին, իբրեւ պատմութիւն, մշակոյթ։ Յաճախ նաեւ իբրեւ ընտանեկան առնչութիւն, Համաշխարհային Ա. պատերազմին, ներգաղթի ընթացքին Արեւելահայաստանը պատմական Հայաստանի մեծ թիւով գաղթականութիւն ընդունած ըլլալով։ Ինչո՞ւ եւ որքանո՞վ կը հակադրուին այս երկու հասկացութիւնները։
Քաղաքական ազդակը անհերքելի է։ Իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդը, առաջին օրէն, նախկիններուն կողմէ «Արցախը վաճառելու» մեղքով ամբաստանուեցաւ։ Սկզբնական շրջանին յայտարարեց թէ ինք Հայաստանի քաղաքացիին կողմէ ընտրեալ ղեկավար է, իսկ Արցախը կը տնօրինէ անոր ղեկավարութիւնը։ Սակայն, շուտով համակերպեցաւ Ստեփանակերտի հրապարակէն յայտարարելու՝ «Արցախը՝ Հայաստա՛ն է եւ վե՛րջ»։ Ոչ-բռնի ժողովրդային յեղափոխութեամբ իշխանութեան գլուխ եկած առաջնորդը ունէր կարողութիւնը եւ առիթը քաղաքական կարեւոր փոփոխութիւններ կատարելու, սակայն ան չունէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական խորին համոզումը թէ պէտք է անպատճառ հաշտութեան ճամբան բռնել, զիջելով գոնէ եօթը շրջաններէն հինգը… Բնականաբար Փաշինեանը ետ պահողը Բանակի հրամանատարութեան եւ Պաշտպանութեան նախարարի ինքնավստահ երաշխաւորումներն էին, թէ Հայկական բանակը կրնայ դիմադրել որեւէ տեսակի ազերական յարձակումի։ Պաշտպանութեան նախարարին՝ «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» յայտարարութիւնը այդ տեսակէտը կը հաստատէր։
Միջազգային դիտանկիւնէն սակայն, յաչս Արեւմտեան պետութիւններու ու Ռուսաստանի՝ Արցախի մաս կազմելը Ազերպայճանի տարածքայինամբողջականութեան, Ռուսաստանի՝ Հայաստանի հանդէպ դաշնակցային պարտաւորութեան զլացումը, թուրքեւազերական դաշինքի հզօրացումը, Ազերպայճանի զինանոցի արդիականացումը, հայկական բանակի դիմադրականութեան վերաբերեալ հրամանատարութեան մեծամտութիւնը եւ երկրի ներքին քաղաքական երկփեղկումը պատճառ դարձան որ Հայաստանի վրայ յարձակումը տեղի ունենայ առանց միջազգային լուրջ ընդդիմութեան եւ հակազդեցութեան։
Հայաստանի մէջ «Պատմական Հայաստան»-ի կողմնակիցները Ռուսական կայսրութիւնը կը դիտեն իբրեւ Հայաստանի դարաւոր պաշտպանը թուրքերուն դիմաց, մինչ Արցախի պարտադրեալ անձնատւութիւնը հակառակը փաստեց։ Իսկ «իրական Հայաստան» կ՚ուզէ դուրս գալ այս պատերազմական տրամաբանութենէն, քալելով խաղաղութեան ուղիով։ Այս հակադրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Հայաստան վերասահմանէ ռազմավարական գործընկերութիւնները։ Պատերազմի աւարտին Ռուսաստան կրցած էր Արեւմուտքը միանգամայն հեռացնել Հարաւային Կովկասէն, սակայն յաջորդ երկու տարիներուն ան մսխեց ռազմավարական իր առաւելութիւնը, կորսնցնելով արցախահայերու եւ հայաստանցիներու վստահութիւնը, մինչեւ իսկ տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելով։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։