Ապրիլ 16-ին, Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի ողջունած է առաջին գանատացի փորձագէտ Ալեքսանտր Կրուշեւսքիի՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դիտորդական առաքելութեան միանալը։
Ժոլի X ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրած է.
«Անցեալ տարի Հայաստան կատարած իմ այցելութենէն ետք, առանցքային առաջնահերթութիւն էր Հարաւային Կովկասի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղիներու ուսումնասիրութիւնը, ներառեալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը։ Կ՚ողջունենք մեր առաջին փորձագէտ Ալեքսանտր Կրուշեւսքիի՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան միանալը»։
Նշենք, թէ նախորդ օր հաղորդուեցաւ, թէ Հայաստանի մէջ գործող ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան կը միանայ առաջին գանատացի մասնագէտը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։