Search
Close this search box.

Սերպիոյ նախագահը Ալիեւէն օգնութիւն խնդրած է

Ըստ Ազերպայճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան՝ Ապրիլ 16-ին Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչ հեռաձայնած է Իլհամ Ալիեւին եւ տեղեկացնելով վերջին շրջանին Սերպիոյ նկատմամբ գործադրուող ճնշումներու մասին՝ խնդրած է «բարեկամ ազերպայճանցի ժողովուրդ»-ին աջակցութիւնը։

Նշելով, որ Ազերպայճան եւ Սերպիա միշտ աջակցած են մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, նախագահ Ալիեւ ընդգծած է, որ այս դիրքորոշումը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային։ Այս համածիրին մէջ նշուած է միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ երկու երկրներու յաջող համագործակցութիւնը։

Ալիեւ Սերպիոյ նախագահը հրաւիրած է Պաքուի մէջ կայանալիք Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի համաժողովի 29-րդ նստաշրջանին։ Վուչիչ երախտագիտութեամբ ընդունած է հրաւէրը։