Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքուի մէջ ֆրանսական ուսումնական հիմնարկը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը

 

Ֆրանքեւազերպայճանական լարուած յարաբերութիւններու ենթախորքին՝ Պաքուի ֆրանսական ուսումնական հիմնարկը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։ Լուրը հաղորդած է ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։

Ուսումնական հաստատութեան փակման պաշտօնական պատճառները տակաւին յայտնի չեն։ 300 աշակերտի համար նախատեսուած դպրոցը կը գործէր 2014 թուականէն ի վեր։